Լի­բա­նան­եան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ Հինգ­շաբ­թի, 17 Հոկ­տեմ­բե­րի երե­կոյ­եան ժա­մը 6:00-ին բռն­կե­ցաւ բո­ղո­քի բուռն ցոյց մը, որ սկ­սաւ Պէյ­րու­թէն եւ հա­սաւ մին­չեւ Պե­ք­աա, հիւ­սիս եւ հա­րաւ, եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նակ­ուի մին­չեւ սոյն լուրի խմ­բագր­ուի­լը։ Լի­բա­նա­նի կա­ռա­վա­րութ­եան գու­մա­րած նիս­տէն ետք տե­ղե­կա­տուու­թեան նա­խա­րար Ժա­մալ Ժար­րահ յայ­տա­րարած էր, որ կա­ռա­վա­րու­թիւնը որո­շած է «Ուաթ­սափ»ի հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան գործածու­թեան հա­մար օրա­կան 20 սենթ տուրք վա­ւե­րաց­նել: Ան նշեց, որ այդ առա­ջար­կը եկած է հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րա­րէն` աւելց­նե­լով, որ այդ տուր­քին շնոր­հիւ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ 200 միլի­ոն տո­լա­րի շահ ապա­հո­վել: Կա­ռա­վա­րու­թեան այս որո­շու­մը պատ­ճառ դար­ձաւ բո­ղո­քի ալի­քի բարձ­րաց­ման։ Ցու­ցա­րար­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին ժողովուր­դին իր վրայ պար­տադր­ուած տուր­քե­րը չվ­ճա­րե­լու եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան անհ­նա­զան­դու­թիւն յայ­տա­րա­րե­լու` ընդ­դէմ լի­բա­նան­եան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու փտա­ծու­թեան: Ցու­ցա­րար­նե­րը փա­կե­ցին Պէյ­րու­թի մայր ճամ­բա­նե­րը, ի թիւս անոնց Ռա­ֆիք Հա­րի­րի մի­ջազ­գա­յին օդա­կա­յա­նի ճամ­բան։ Ցոյ­ցե­րու առա­ջին օրը Ռի­ատ Սոլհ հրա­պա­րա­կին վրայ ցուցա­րար­նե­րուն եւ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն մի­ջեւ բա­խում­ներ ար­ձա­նագր­ուե­ցան:
Յա­ջոր­դող ժա­մե­րուն առա­ւել բուռն բա­խում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան մէկ կող­մէն ցու­ցա­րար­նե­րուն, միւս կող­մէն անվտանգու­թեան ու­ժե­րուն եւ լի­բա­նան­եան բա­նա­կին մի­ջեւ։ Ար­ձա­նագր­ուե­ցան նա­եւ քար­կոծ­ման ու հր­կիզ­ման դէպքեր։ Յա­ջորդ օրե­րուն ցոյ­ցե­րը ու­նե­ցան աւե­լի խա­ղաղ դր­սե­ւո­րում­ներ, սա­կայն անընդ­մէջ շա­րու­նակ­ուե­ցան, արձանագ­րե­լով ան­նա­խըն­թաց տա­րո­ղու­թիւն։ Լի­բա­նան­ցի ցու­ցա­րար­նե­րը հս­կայ բազ­մու­թիւն­նե­րով փակ պա­հե­ցին Լիբանանի տար­բեր շր­ջան­ներն ու փո­ղոց­նե­րը` «Յե­ղա­փո­խու­թիւն» գո­ռա­լով եւ պա­հան­ջե­լով իշ­խա­նա­փո­խու­թեան ու երկ­րին մէջ տի­րող հա­մայն­քա­յին դրու­թեան դադ­րե­ցում: Ըն­թաց­քին՝ Փա­րի­զի, Պար­սե­լո­նա­յի, Լոն­տո­նի, Իտալ­իոյ, Շուէտի, Ին­տո­նեզ­իոյ, Նի­կեր­իոյ, Կիպ­րո­սի, Աւստ­րալ­իոյ, Գեր­ման­իոյ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու, Քա­նա­տա­յի եւ Յորդանա­նի մէջ ապ­րող ար­տերկ­րի լի­բա­նան­ցի­նե­րը լի­բա­նան­եան դես­պա­նա­տու­նե­րուն դի­մաց կազ­մա­կեր­պե­ցին զօրակ­ցա­կան ցոյ­ցեր, որոնց ըն­թաց­քին բաժ­նե­ցին իրենց հա­րա­զատ­նե­րուն ցա­ւը` իրենց կար­գին կոչ ուղ­ղե­լով վերջ տալու երկ­րին մէջ տի­րող փտա­ծու­թեան եւ կոչ ուղ­ղե­լով վե­րաց­նել հա­մայն­քա­յին դրու­թիւնն ու կեր­տել քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պե­տու­թիւն: Լի­բա­նա­նի տար­բեր ու­ժեր զօ­րակ­ցե­ցան ցու­ցա­րար­նե­րուն, հան­դէս եկան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, իսկ կարգ մը երես­փո­խան­ներ մի­ա­ցան ցու­ցա­րար­նե­րուն։ Այս առու­մով ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներկայացու­ցիչ, երես­փո­խան Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նի լի­բա­նան­եան մա­մու­լին յղեց հե­տեւ­եալ յայ­տա­րա­րու­թիւնը. «Լիբանա­նի տար­բեր շր­ջան­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագր­ուած քա­ղա­քաց­ի­ա­կան բո­ղո­քի դր­սե­ւո­րում­նե­րը կը գտ­նենք արդարա­ցի: Մենք վա­ղուց է, որ կը զգու­շաց­նէ­ինք կա­ռա­վա­րու­թիւնը` քա­ղա­քա­ցի­նե­րու պա­հանջ­նե­րուն, կեն­ցա­ղա­յին խն­դիր­նե­րու ձգձգ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն հրա­ժա­րե­լու եւ կոչ կ’ընէ­ինք տագ­նա­պին ան­մի­ջա­կան լու­ծում­ներ բերելու», աւելց­նե­լով. «Կը մեր­ժե՛նք քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն վրայ նոր տուր­քե­րու բար­դա­ցու­մը եւ կա­ռա­վա­րու­թեան կոչ կ’ընենք հրաժա­րե­լու նման ձգ­տում­նե­րէ` միշտ առաջ­նա­յին նկա­տե­լով բա­նուոր եւ աշ­խա­տա­ւոր դասակարգի պայմաններն ու յար­գե­լով քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան իրա­ւունք­նե­րը: Մի­ա­ժա­մա­նակ` ար­տա­կարգ միջոցառումնե­րու դի­մե­լու ընկե­րա­յին եւ տն­տե­սա­կան իրա­վի­ճա­կը հար­ուա­ծած խոր տագ­նա­պը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար եւ ար­մա­տա­կան քայ­լե­րու դի­մե­լու` փտա­ծու­թեան եւ պե­տա­կան պիւտ­ճէի մս­խու­մի երե­ւոյթ­նե­րը վե­րաց­նե­լու նպատակով»: Լի­բա­նա­նի վարչապետ Սա­ատ Հա­րի­րի ցու­ցա­րար­նե­րէն խնդ­րած էր 72 ժամ տե­ւո­ղու­թամբ ժամ­կէտ, հաս­նե­լու հա­մար անոնց պահանջ­նե­րը գո­հաց­նող որո­շում­նե­րու։ Ժամ­կէ­տի ըն­թաց­քին գու­մար­ուե­ցան զա­նա­զան խորհր­դակ­ցա­կան նիս­տեր, որոնց ներ­կայ գտն­ուե­ցան Լի­բա­նա­նի նա­խա­գահ զօր. Մի­շէլ Աունն ու երկ­րին վար­չա­պե­տը։ Այս ծի­րէն ներս ՀՅԴ Լիբանա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ երես­փո­խան Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նի` ընկերակցու­թեամբ նա­խա­րար Աւե­տիս Կի­տան­եա­նին, Շա­բաթ, 19 Հոկ­տեմ­բեր 2019-ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 6:00-ին, աւե­լի քան մէկ ժամ տե­ւած հանդիպում մը ու­նե­ցաւ վար­չա­պետ Սա­ատ Հա­րիրիի հետ, անոր Կեդ­րո­նա­կան Պէյ­րու­թի բնա­կա­րա­նին մէջ: Երեքշաբթի, 22 Հոկ­տեմ­բեր 2019-ին գու­մար­ուած նիս­տին ըն­թաց­քին կա­ռա­վա­րու­թիւնը որ­դեգ­րեց տն­տե­սու­թիւնը բար­գա­ւա­ճեց­նե­լու մի­տու­մով պատ­րաստ­ուած ար­մա­տա­կան բա­րե­կար­գում­ներ, վա­ւե­րա­ցուց տնտեսական բարեկարգում­նե­րու փաս­տա­թուղ­թը, 2020-ի պե­տա­կան ամա­վար­կը ստո­րագ­րեց` առանց տուր­քե­րու յաւե­լու­մի եւ 0,6 առ հա­րիւ­րի նիւ­թա­կան բա­ցով։ ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէ­ին եւ պլո­քին պատ­կե­րա­ցու­մը նե­րառ­ուե­ցաւ վար­չա­պե­տին մշա­կած բա­րե­կար­գու­մի փաս­տա­թուղ­թին մէջ։ Մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Լիբանանի կա­ռա­վա­րու­թեան որ­դեգ­րած բա­րե­կար­գում­նե­րուն` շեշ­տե­լով խա­ղաղ ցոյ­ցե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կարեւորու­թիւնը։