Սովորական օր մը, երբ տնային գործերս կը կատարէի, թռչունի մը երթեւեկը նկատեցի պատշգամին դիմաց գտնուող ծառին կողմը: Գործս ձգելով դէպի պատշգամ ուղղուեցայ, տեսնելու թէ ի՛նչ կը պատահի: Թռչուն մը ծառին ճիւղերուն մէջ կայուն յենարան մը գտնելով սկսած էր ճիւղեր հաւաքել իր նորաստեղծ ընտանիքին տաքուկ բոյն մը շինելու համար: Սկսայ խորհիլ բնութեան հրաշալի օրէնքին մասին: Արու թռչունը առանց դադարի՝ մանր ճիւղեր, բոյսերու մանրաթելեր, փետուրներ կ’որոնէր եւ կտուցով բռնած կը փութար բոյնին համար նախատեսած վայրը տեղադրելու զանոնք, իսկ գիրուկ մայր թռչունը բոյնի վայրին մօտ նստած կտուցով կը ձեւաւորէր դրուած ճիւղերը այնպէս մը, որ աշխարհ եկած ճուտիկները հանգիստ եւ տաքուկ բոյն մը ունենան: Անոնք կը գործակցէին բոյնը հիւսելու համար։
Ի՛նչ գործակցութեամբ եւ գուրգուրանքով կը կազմուին ընտանիքները: Այս է բնութեան օրէնքը, մտածեցի, չէ՞ որ մենք ալ որպէս բանաւոր էակներ կը պատկանինք բնութեան եւ կ’ենթարկուինք անոր օրէնքներուն: Մտաբերեցի Աստուածաշունչի Ա.Կորնթացիներու նամակին այն հատուածը, ուր յիշուած է. «Ոչ կինը առանց այր մարդու կ’ըլլայ եւ ոչ ալ այր մարդը առանց կնոջ՝ Տիրոջմով»: Բանական այրն ու կինը Աստուծոյ օրհնութեամբ, սուրբ պսակի խորհուրդով կը կազմեն իրենց ընտանիքը, ամենայն հոգատարութեամբ կազմելով տաքուկ բոյն մը: Ստեփան Մալխասեանց «Հայերէն Բացատրական Բառարան»ին մէջ իբրեւ առաջին բացատրութիւն «ընտանիք» բառը կը բնութագրէ ըսելով. «Մէկ տան մէջ միասին ապրող ծնողները իրենց զաւակներով», իսկ «բոյն» բառը՝ «Մարդու բնակութեան փոքրիկ՝ աղքատիկ տեղ»: Այո՛, հայկական իրականութեան մէջ «ընտանիք» երբ կ’ըսենք, «հայր-մայր-զաւակներ» տաքուկ բոյն նկատի կ’ունենանք, կազմուած Աստուծոյ օրհնութեամբ: Հայրը իր չարքաշութեամբ եւ փորձառութեամբ ընտանիքին երդիքը կը կազմէ, իսկ մայրը իր համբերատարութեամբ եւ գթութեամբ՝ ընտանիքին սիրտը։
Արդիականացման եւ զարգացման հետ որքա՜ն հեռացած ենք բնութեան օրէնքէն եւ աստուածատուր շնորհքներէն: Արհեստագիտական միջոցներու զարգացումին հետ, տնտեսական կեանքի բարդ վիճակին մէջ մեր ընտանիքները կը շեղին հաստատուն հիմքերէն: Երբեմն նիւթական երեւելի պահանջները կը գերադասեն մարդկային վսեմ արժէքները եւ պատճառ կը հանդիսանան ընտանեկան բոյնի քայքայման: Դեռ աւելին, հայրենիքի մէջ իսթանպուլեան պայմանագիրին հաւանութիւն տալու մասին կը մտածեն, միասեռականներուն ընթացք տալու եւ ընթանալու քրիստոնէական մեր հաւատքին եւ բնութեան օրէնքին հակառակ ուղիով: Նոր եզրոյթներով եւ ըմբռնումներով կը փորձեն ընտանիք հասկացութիւնը աղաւաղել։
Կը սխալիք, սիրելինե՛ր: Հայութեան չեն համընկնիր օտարներուն բերած, նորարարութեան պիտակը կրող հասկացութիւնները: Մարդկային բանականութիւնը անհրաժեշտ է լաւագոյնս օգտագործել, միշտ յիշելով սակայն, թէ որքան ալ ժամանակները փոխուին եւ զարգացումի ոլորտները բազմանան, կը մնանք Աստուծոյ բանական զաւակները եւ հրաշալի բնութեան մէկ մասնիկը: Քրիստոնէական մեր հաւատքին ու ազգային արժէքներուն վրայ հիմնուած հայ ընտանիքը հիմքն է մեր գոյատեւման: Ուրեմն, աշխատինք այդ ուղղութեամբ եւ պահենք ու պահպանենք հայկականն ու մեր հոգեհարազատ արժէքները:
Մարինա Պօղիկեան