ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ քաղաքական հետապնդում կ’իրականացուի Ազգային Ժողովի աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալ Արսէն Բաբայեանի հանդէպ, եւ ով որ հակառակը կը պնդէ, ան կա՛մ պարզապէս կոյր է, կա՛մ չ’ուզեր տեսնել իրականութիւնը:

«Այս բոլորը գործադիր իշխանութեան կողմէն դատական իշխանութիւնը նուաճելու եւ քաղաքական ամբողջական մենիշխանութիւն հաստատելու համար կը կատարուին: Իշխանութիւնը իր առջեւ դատական իշխանութիւնը նուաճելու հարցը դրած է, յատկապէս Սահմանադրական դատարանը: Գործընթացը սկսաւ դատարաններու շրջափակումէն, սա արդէն գագաթնակէտն է: Այս բոլորը իրագործելու համար իշխանութիւնը զերծ չի մնար ապօրինի գործողութիւններէն, հետեւաբար, Արսէն Բաբայեանի թէ՛ ձերբակալութիւնը, թէ՛ կալանաւորումը կը դիտարկենք այս շրջանագիծէն ներս: Տուեալ անձը չէր կրնար իշխանութիւն իւրացնել, նոր յօդուած դրին, որպէսզի կարենան կալանաւորել», ըսաւ ան:
Իշխան Սաղաթելեանի համոզումով՝ այս իշխանութեան համար մարդը այլեւս արժէք չունի: «Որու որ կ’ուզեն` պաշտօնազուրկ կ’ընեն, ինչ կ’ուզեն կ’ընեն, «պեսփրետըլ» է ու վերջ: Իրենց ջանքը կեդրոնացնելու եւ երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները լուծելու փոխարէն, ամբողջ պետական աղբիւրները իրենց հակառակորդներուն, ընդդիմախօսներուն, այլ կարծիք ունեցողներուն, չենթարկուողներուն ազատազրկելու, ձերբակալելու համար կ’իրագործեն», ըսաւ ան:
Իշխան Սաղաթէլեանի կարծիքին համաձայն, սա ոչ միայն Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի դէմ ճնշում գործադրելու հերթական քայլն է, այլ սա պէտք է ամբողջական շղթայի մէջ դիտարկել, որովհետեւ մէկ դրուագն է, հետագային կրնայ մէկ ուրիշը ըլլալ, յետոյ եւս մէկ ուրիշը:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչպէս պէտք է պայքարիլ այս կամայականութիւններուն դէմ, Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց, որ պէտք է հասարակութիւնը, հասարակութեան առողջ ուժերը, քաղաքական կուսակցութիւնները հասկնան, որ սա անձերու պաշտպանութեան հարց չէ, սա Հայաստանի արդարադատութիւնը չխորտակելու, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութիւնը վերջնականապէս չթաղելու հարց է:
Իսկ իշխանութիւններուն այն պնդումը, թէ կը ցանկան ունենալ անկախ դատական համակարգ, անկախ Սահմանադրական Դատարան, Սաղաթէլեան որակեց կեղծիք ու սուտ: «Իրենք կը ցանկան ունենալ սեփական, իւրային դատարաններ: Յայտնի է` ով որ իրենց ծառայած է, իրենց հետ հաշտ համերաշխ, սիրով են, ով որ կը հակառակի, ինչպէս Հրայր Թովմասեանը, կը դասուի անոնց թշնամիներուն շարքին եւ բազմաթիւ պատրուակներ կրնան գտնել հեռացնելու համար զայն: Իշխանութիւնը չի փափաքիր ունենալ արդար դատական համակարգ, պարզապէս կ’ուզէ իւրային դատական համակարգ ունենալ, որ իր հետագային ձեռքին մէջ մահակ կ’ըլլայ իր հակառակորդները ճնշելու համար», շեշտեց ան: