Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2019-ի միջօրէին, ՍՕ Խաչի «Շուշի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը ճաշի հրաւէր տուաւ Հալէպէն ժամանած քաղցկեղէ տառապող 115 երեխաներուն եւ իրենց առողջութեան հսկող բժըշկական, կազմակերպչական մարմնի անդամներուն։
Փոքրիկները բժշկական եւ բարոյական խնամք կը ստանան «Քաղցկեղէ Տառապող Մանուկներու Սուրիական Միութիւն» հաստատութեան կողմէ։
ՍՕԽ-ի կեդրոնին շրջափակը եռուն էր սիրասուն փոքրիկներով։
Տէրունական աղօթքով սիրոյ ճաշի բացումը կատարեց Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, ապա բարի գալուստ եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց փոքրիկներուն։
Արաբերէն խօսք արտասանեցին Սոնա Գարամարտեան եւ Արաքսի Պալեան։ Ապա անոնք բարի ապաքինում մաղթեցին նաեւ Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատին եւ գնահատեցին հաստատութեան մարդասիրական, կամաւոր աշխատանքը։
Մթնոլորտը հագեցած էր սիրոյ եւ գուրգուրանքի խօսքերով։ Մեր երիտասարդ աղջիկները փայլուն նկարներով զարդարեցին փոքրիկներուն դէմքերը, ուրախութեան եզակի պահեր պարգեւելով անոնց։
Այնուհետեւ բոլոր ներկաները երգով ու պարով աւարտեցին խրախճանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին միութեանս այս մտերմիկ ու ջերմ ընդունելութեան համար։
ՍՕ Խաչը, որպէս համամարդկային բարեսիրական իր առաքելութեան գիտակից կազմակերպութիւն, կը շարունակէ իր բեղուն գործունէութիւնը Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ։
Թղթակից