«Ազատ Օր».- Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2019-ին, հայազգի հանրածանօթ եւ սիրուած ե-րաժիշտ Կի Մանուկեան հիւրընկալուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ։ Ներկայ եղան նաեւ Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերու վարչութեանց անդամներ։
Կի Մանուկեան առիթը ունեցաւ ծանօթանալու Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի պատմութեան եւ գործունէութեան։ Ան հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական ըլլալով, մեծապէս գնահատեց մարզական եւ սկաուտական շարժումը յունահայ գաղութէն ներս եւ իր ապրումները փոխանցեց Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մէջ իր ունեցած գործունէութենէն։ Նշենք, որ Կի -Մանուկեան տարիներ շարունակ եղած է Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի կողովագնդակի մարզիկ, ապա ստանձնած է խումբի հովանաւորութիւնը, բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնելու համար խումբի յաջողութեան եւ վերելքին։
Կեդրոնէն ներս իր այցելութեան ընթացքին, Կի Մանուկեան ծանօթացաւ շէնքի յարմարութիւններուն եւ մասնաւորապէս ՀՄԸՄ-ի փակ մարզադաշտի մանրամասնութիւններուն ու անոր մէջ տեղի ունեցող փորձերուն եւ պաշտօնական մրցումներուն։ Նաեւ, մօտէն տեսաւ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի դասարանները եւ բարձր գնահատեց յունահայ գաղութէն ներս հայակրթութեան անդուլ ջանքերը։ Կի Մանուկեան Յունաստան կը գտնուի համերգ մը տալու համար յոյն երաժշտասէր հանրութեան առջեւ, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի՝ 11 -Նոյեմբեր 2019-ին, Աթէնքի օփերայի (Λυρική σκηνή) թատերասրահին մէջ։