«Ասպարէզ».-2019-ին ամբողջացաւ հայ գրականութեան եւ մշակոյթի անդաստանի երկու հսկաներու՝ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Պարոյր Սեւակի բնութագրմամբ՝ Ամենայն Հայոց երգի վեհափառ անկրկնելի Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակը: Հայաստանի առաջարկով ԻւՆԵՍՔՕ-ն այդ ամեակները ընդգրկեց իր ցուցակին մէջ:
Սա առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի շնորհալի խմբավար, երաժշտագէտ Լիլիան Աւագի ղեկավարութեամբ ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի երգչախումբի այս տարուան համերգը նուիրուի մեծն Կոմիտասին:
Արդէն աւանդոյթի տեսք ստացած ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի երգչախումբի տարեկան համերգները երաժշտասէր հանդիսատեսի դատողութեան ներկայացնելով երգչախումբի միամեայ աշխատանքի արդիւնքը, իւրաքանչիւր տարի փայլելով իրենց բացառիկութեամբ:
Երգչախումբի այս տարուան համերգն իր ոճով իւրայատուկ պիտի ըլլայ այն առումով, որ երգչախումբային կատարումները առաջին անգամ հանդիսատեսին պիտի ներկայացուին լարային նուագախումբի ընկերակցութեամբ:
Բացառիկ համերգը իրականութիւն դարձած է երգչախումբի անդամներու եւ անոր շնորհալի ղեկավարի միամեայ տքնաջան աշխատանքի արդիւնքով, որուն իրենց համագործակցութիւնը ցուցաբերած են Թալին Գույումճեանի ղեկավարութեամբ՝ «Harmony Chamber Orchestra» լարային նուագախումբը, կատարելով Ս. Ասլամազեանէն կտորներ, զուգընթաց պիտի հնչեն Լէոն Թոմասեանի նուագախմբադաշնաւորումները: Անհատ մեներգիչներն են՝ Իռա Քէյլինը (սոփրանօ), Արա Կարապետեանը (թենոր), Հենրիկ Աղամալը (թենոր), դաշնակահարներ Լէոն Թոմասեանն ու Վարանդ Թորոս Ադամը, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցին Անուշ Մարգարեանի ղեկավարութեամբ՝ «Անուշ» պարի դպրոցը:
Համերգի երգացանկին մէջ տեղ գտած են Կոմիտասի տարբեր ոճի ստեղծագործութիւնները, որ հանդիսատեսին առիթ կու տայ կոմիտասեան ստեղծագործութիւններու հաճոյքը վայելելուն զուգահեռ նաեւ բացայայտել հայ մեծանուն երաժշտագէտի արուեստի մինչեւ օրս իր համար թաքուն մնացած անկիւնները:
ՀՄԸՄի Կլէնտէլի «Արարատ» մասնաճիւղի երգչախումբի տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 23 Նոյեմբերին, ժամը 7ին «Glendale Presbyterian church»ին մէջ:
Համերգի տոմսերը կարելի է ստանալ մասնաճիւղի գրասենեակէն, երգչախումբի անդամներէն եւ առցանց կերպով՝ Conrogo.com կայքէն: