«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 25 Հոկտեմբերին այցելութիւն տուաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունին:
Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւններն ու արձանագրուող զարգացումները:
Երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ ամէն ճիգ ի գործ դրուի ժողովուրդը խնայելու ապահովական լուրջ խախտումէ:
«Երկրի զինեալ ուժերը զգայուն դերակատարութեամբ պէտք է պահպանեն ցոյցերու խաղաղ ընթացքը եւ քաղաքացիներուն արտայայտուելու իրաւունքը` միաժամանակ ապահովելով ազատ տեղափոխութեան սահմանադրական իրաւունքը: Անհրաժեշտ է նաեւ արագ միջոցառումներու դիմել կառավարութեան տուած որոշումները գործնականացնելու եւ օրէնսդրական ճամբով զանոնք իրականացնելու», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը մաղթեց, որ բողոքի գործողութիւնները մնան խաղաղ ընթացքի մէջ, որպէսզի առիթ չտրուի օտար ուժերու միջամտութեանց:
Տնտեսական գետնի վրայ, երեսփոխան Բագրատունի ժողովուրդին դառն իրավիճակը ներկայացուց հանրապետութեան նախագահին` աւելցնելով, որ անյապաղ անհրաժեշտ միջոցառումներուն պէտք է դիմել հաւանական շահագործումներն ու տագնապները կանխարգիլելու համար: