«Երկիր».-ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Եւրոպայի Խորհուրդի անդամ երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներու համաժողովին 24 Հոկտեմբերին Սթրասպուրկի մէջ հանդիպած է Սլովենիոյ խորհրդարանի ստորին պալատի խօսնակ Տեժան Ժիտանի հետ:
Արարատ Միրզոյեան յայտնած է, որ մեծապէս կարեւոր կը համարէ Սլովենիոյ խորհրդարանի խօսնակին հետ հանդիպումը Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին, որ կարեւոր հարթակ կը հանդիսանայ երկկողմ միջխորհրդարանական կապերու աշխուժացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման համար:
Ազգային Ժողովի նախագահը արժեւորած է նաեւ Սլովենիոյ հետ գործակցութեան խորացումն ու ընդլայնումը, որ ՀՀ Ազգային ժողովը կարեւոր կը համարէ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը միջպետական յարաբերութիւններէն ներս:
Այս առումով Արարատ Միրզոյեան յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանէն ներս արդէն կը գործէ Հայաստան-Սլովենիա միջխորհրդարանական բարեկամական խումբը, որ Սլովենիոյ խորհրդարանին մէջ տակաւին ձեւաւորուած չէ: Անոր ի պատասխան` Տեժան Ժիտան դիտել տուած է, որ Սլովենիոյ խորհրդարանը արդէն բարեկամութեան խումբի ձեւաւորման աշխատանքները սկսած է:
Զրուցակիցները խօսած են Սլովենիոյ խորհրդարանին ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին հնարաւորինս կարճ ժամկէտով վաւերացման մասին, որ իրաւական հիմք կը հանդիսանայ Եւրոմիութեան եւ ԵՄ անդամ պետութիւններու հետ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման առումով:
Արարատ Միրզոյեան իր գործընկերոջը յորդորած է կարելի եղած չափով շուտ վաւերացնել այն, որուն ի պատասխան Սլովենիոյ խորհրդարանի նախագահը հաւաստիացուցած է, որ կառավարութենէն ստանալուն պէս շատ կարճ ժամկէտի մէջ պիտի վաւերացուի:
ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը յայտնած է, որ Եւրոմիութեան հետ անցագիրի արտօնութեան երկխօսութեան շուտափոյթ մեկնարկը ՀՀ-ի համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: