MRI բժշկական գործիքը հնարող բժիշկ Ռայմընտ Վահան Տամատեան ծնած է 16 Մարտ 1936-ին, Նիւ Եորք, ԱՄՆ: Ան 1969-ին գիւտարարը եղած է մագնիսական հնչականութեան սարքին, որ յաճախ կ’օգտագործուի ուռուցքներու յայտնաբերման համար:
Օրերս բժիշկ Ռայմընտ Տամատեան կը գտնուի Աւստրալիոյ մէջ մասնակցելու համար վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին համաշխարհային հայ յառաջադէմ անձնաւորութիւններուն նուիրուած գիտական շարք մը դասախօսութիւններու եւ ձեռնարկներու: Այս պատեհ առիթով տեղւոյն հայ կաթողիկէ եկեղեցին ընթրիք մը կազմակերպած էր ի պատիւ բժիշկ Ռայմընտ Տամանտեանին, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: