«Երկիր».-Սերպիան չեղեալ համարած է Հայաստանի քաղաքացիներուն համար մուտքի անցագրերը ու յայտարարած է Երեւանի մէջ դեսպանութիւն բանալու իր մտադրութիւնը: Սերպիոյ կառավարութիւնը համապատասխան որոշումը հաստատած է Երկուշաբթի տեղի ունեցած նիստին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է .«Արտասահմանեան անձնագրեր ունեցող ՀՀ քաղաքացիները կարելիութիւն պիտի ունենան Սերպիա մեկնիլ, երկիր մուտք գործելու օրուընէ սկսեալ 180 օրուան ընթացքին 90 օր տեղաշարժելու, ինչպէս նաեւ երկրի տարածքը գտնուելու»:
Սերպիոյ դեսպանատուն պիտի բացուի Երեւանի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար անցագրի վարչակարգի չեղեալ համարելու մտադրութեան մասին տեղեկութիւնները սկսած էին տարածուիլ Հոկտեմբերի սկիզբը Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի` Սերպիա պաշտօնական այցելութեան օրերուն: