«Ապարաժ».-Մեկնարկած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշընթըն աշխատանքային այցելութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Դաւիթ Մելքումեան:
Մասիս Մայիլեան, որպէս գլխաւոր բանախօս, ելոյթ պիտի ունենայ ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ տեղի ունենալիք Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին: Նախատեսուած են նաեւ շարք մը հանդիպումներ ԱՄՆ Քոնկրեսի հիմնական յանձնաժողովներու ղեկավարներուն եւ անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ ելոյթներ Ուաշինկթընի մէջ գործող հեղինակաւոր վերլուծական կեդրոններէն ներս: Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
28 Հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը ՀՀ դեսպանատունէն ներս հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի եւ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմին հետ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ԱՄՆ-ի Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:
Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները եւ նախարարութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, ի միտի ունենալով Արցախի միջազգային ճանաչման ու արտաքին կապերու ընդլայնումը:
Այս առնչութեամբ Մասիս Մայիլեան կարեւոր համարած է ԱՄՆ-ի հետ տարբեր մակարդակներով յարաբերութիւններու զարգացումը: ԱԳՆ ղեկավարը պատասխանած է հանդիպումի մասնակիցներուն շարք մը հարցերուն: