Երկուշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Յարութիւն Քիլիսեանի, ատենադպրուհի տիկին Հուրի Պօշկէզէնեանի, եւ Արժն. Տէր Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի ուղղուեցան Հալէպի Ասուրիներու Առաջնորդարան, շնորհաւորելու Գերշ. Տէր Պետրոս Եպս. Քասիսը իր եպիսկոպոսական օծումին առիթով։

Շուրջ մէկ ժամուան տեւողութիւն ունեցող հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը շեշտեց Սուրիոյ մէջ հոգեւոր պետերու գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ վերականգնումի եւ վերակազմակերպման ընհանուր աշխատանքներուն մասնակցութեան։
Հոգեւոր պետերը արծարծեցին նոյն մտահոգութիւնները՝ սուրիական հայրենիքին կառչած մնալով անոր վերելքին սատարելու իմաստով։
Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով յուշանուէր մը փոխանցելէն ետք, ներկաները միասնաբար խմբանկար մը ունեցան։ Ապա անոնք պատուիրակութեան հետ միասին ուղղուեցան ասորիներու եկեղեցին, ուր միասնաբար Աստուծոյ շնորհակալական շարականները երգեցին, որով քոյր եկեցիներուն միասնութիւնը անգամ մը եւս ամրապնդուեցաւ։