Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ին ԱՄԺ Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ ԻԲ. Ներկայացուցչական Ժողովը օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Պատկան Մարմինի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, մասնաճիւղերու 19 լիազօր ներկայացուցիչներու, միաւորներու եւ հրաւիրեալ խորհրդակցական ներկայացուցիչներու։
Ժողովին ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրին հիման վրայ մօտէն քննուեցաւ եւ արժեւորուեցաւ նախորդ շրջանի գործունէութիւնը։ Ժողովը հաստատելէ ետք յառաջիկայ շրջանի մարտավարութիւնն ու ծրագիրները, ընտրեց Շրջ. վարչութեան հետեւեալ կազմը.

Ընկ. Պերճ Պօղիկեան ատենապետ
Ընկհ. Յուշիկ Ղազարեան ատենադպիր
Ընկհ. Սոնիա Գաբրիէլեան գանձապահ
Ընկ. Անդրանիկ Մանսուրեան հաշուապահ
Ընկ. Շանթ Ուրիշիկեան խորհրդական
Ընկ. Յարութ Պարոնեան խորհրդական
Ընկհ. Շուշիկ Ղազարեան խորհրդական
Ընկհ. Նայիրի Կարապետեան խորհրդական (Լաթաքիա)
Ընկհ. Սեւան Մանճիկեան խորհրդական (Քեսապ)

Դիւան՝
Համազգայինի Սուրիոյ ԻԲ. Ներկայացուցչական Ժողովի