Նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2019-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ սկսան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստերը:
Երէկ ամբողջ օրը հանդիպում ունեցաւ Կրօնական Ժողովը: Այսօր հանդիպում պիտի ունենայ Քաղաքական Ժողովը, իսկ Հինգշաբթի Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները պիտի ունենան իրենց միացեալ նիստը: