«Ազդակ».- Լիբանանի մէջ ծաւալած համաժողովրդային բողոքի ցոյցերուն 13-րդ օրը, վարչապետ Սաատ Հարիրի ներկայացուց կառավարութեան հրաժարականը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ լիբանանցի ժողովուրդին:
Վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին լիբանանցիներուն ուղղեց հետեւեալ խօսքը.
«13 օրէ ի վեր Լիբանանի ժողովուրդը կը սպասէ քաղաքական լուծումի որոշումի մը, որ պիտի դադրեցնէ անկումը: Ես այս ամբողջ ընթացքին փորձեցի ելք գտնել ժողովուրդի ձայնը լսելով եւ երկիրը փրկելու համար ապահովական, տնտեսական եւ ապրուստի վտանգներէ: Ձեզմէ չեմ թաքցներ, որ ես այսօր հասայ փակուղիի, եւ անհրաժեշտ դարձաւ մեծ ցնցում կատարել, որպէսզի դիմագրաւենք տագնապը: Ես այժմ կ՛ուղղուիմ Պաապտայի պալատ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին կառավարութեան հրաժարականը ներկայացնելու, ընդառաջելով բազմաթիւ լիբանանցիներու կամքին, որոնք դուրս եկած էին փողոց` փոփոխութիւն պահանջելու, եւ յանձնառու մնալով այս պատմական պահուն երկրին անվտանգութիւնը ապահովելու»:
Ան բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց երկրին շահը, ապահովութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութեան պաշտպանութիւնը եւ տնտեսական վիճակի վատթարացումը դասելու ամէն բանէ առաջ:
Խօսքը ուղղելով քաղաքական գործիչներուն` վարչապետ Հարիրի ըսաւ. «Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել Լիբանանը, կանխել հրդեհը: Մեր պարտականութիւնն է տնտեսութիւնը վերականգնել: Կայ նոր առիթ, որ պէտք չէ փախցնել: Հրաժարականս կը դնեմ հանրապետութեան նախագահին տրամադրութեան տակ: Պաշտօնները կ՛երթան եւ կու գան, կարեւորը երկրին արժանապատուութիւնը եւ ապահովութիւնն է: Ոչ ոք իր երկրէն աւելի մեծ է: Աստուած Լիբանանի հետ է»:
Իր խօսքէն ետք վարչապետ Հարիրի անմիջապէս ուղղուեցաւ Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահին յանձնեց կառավարութեան հրաժարականի գրաւոր նամակը: