16 Հոկտեմբերին, Համազգայինի կազմակերպութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Յովսէփեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած յիշատակի երեկոյ:
Ռուբէն Յովսէփեան արձակագիրին, բեմագրողին, թարգմանիչին եւ ընդհանրապէս գլխագիր մտաւորականին մասին ըստ արժանուոյն գրուած է եւ այսօր ալ կը գրուի ու կը վկայուի հայ մշակոյթի եւ գրականութեան վաւերական դէմքերուն կողմէ:
Այս էջով անձնական տպաւորութիւններու եւ ընկերական մտերմիկ պահերու հակիրճ արձանագրութիւն մը կը գումարուի Ռուբէն Յովսէփեան մարդուն եւ Դաշնակցականին նուիրուած վկայութեանց վրայ:
Ընկեր Ռուբէնի հետ մեր ծանօթութիւնը գրականութենէն չի գար այնքան, որքան Սիտնիի (Աւստրա-լիա) մէջ 1989-ի Ապրիլի վերջ-Մայիսի սկիզբը մեր ունեցած պատահական մէկ հանդիպումէն:
Թէեւ 1970-ականներուն Ռուբէն Յովսէփեան՝ իբրեւ հայրենի երիտասարդ արձակագիր, արդէն ծանօթ անուն էր «Բագին» ամսագիրին շուրջ հաւաքուած եւ Պօղոս Սնապեանի աշակերտած մեր սերունդին համար, բայց ո՛չ ինք Լիբանան ապրած տարիներուս Պէյրութ այցելած էր, ոչ ալ ես 1977-ի Հոկտեմբերին Երեւան այցելութեանս ընթացքին բախտը ունեցած էի տաղանդաւոր գրողին հետ հանդիպելու:
1989-ին, երբ ՀՅԴ Բիւրոյի Կեդրոնական գրասենեակին հետ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան Յունաստան տեղափոխութեամբ ընտանեօք հաստատուած էի Աթէնք, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հրաւիրուեցայ Սիտնի, Ապրիլ 24-ին նուիրուած քաղաքական ձեռնարկին հայերէնով բանախօսելու համար: Այդ օրերուն Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքի հետ Մշակութային կապի կոմիտէին կողմէ Աւստրալիա հրաւիրուած էր մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներէ բաղկացած բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին (եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ) Արաքս Մանսուրեանի եւ Սիլվա Եուզպաշեանի օրինակով ծանօթ արժէքներ: Ռուբէն Յովսէփեան կը գլխաւորէր պատուիրակութիւնը:
Մեր առաջին հանդիպումը կայացաւ այդ օրերուն, երկրագունդի ծայրամասին կազմուած մեր սքանչելի գաղութի հիւրընկալ ու ջերմ մթնոլորտին մէջ: Տարրական ծանօթացման հանդիպում էր եղածը: Այդուհանդերձ՝ Ռուբէնը անջնջելի տպաւորութիւն թողուց իմ վրայ՝ Սիտնիի ՀՅԴ ակումբին մէջ հայրենական պատուիրակութեան ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին: Պատուիրակութեան պատասխանատուի իր հանգամանքով՝ Ռուբէն Յովսէփեան սրահի բեմէն ունեցած իր ելոյթին ընթացքին արժանաւորապէս կարեւորեց դաշնակցական ակումբի մը մէջ համախմբումը գաղափարական տարբեր, այլեւ ներհակ կողմնորոշումներու տէր աւստրալիահայերու եւ հայրենիքէն եկած պատուիրակներու: 1988-ի Արցախեան շարժումով արագ թափ ստացած համահայկական մերձեցման այդ համընդհանուր զարթօնքը ողջունելու իր ելոյթէն ետք, բեմէն վար իջնելու պահուն, մոռցուած բան մը յանկարծ մտաբերողի աճապարանքով, Ռուբէնը ետ բարձրացաւ բեմ եւ շատ լուրջ ու հանդիսաւոր դէմքի արտայայտութեամբ՝ աջ ձեռքի մատներով յաղթանակի նշանը բարձրացնելով՝ կեցցէ՜ Սովետական Միութիւնը ըսաւ եւ վար իջաւ…
Սրահը պահ մը ցնցուեցաւ եւ քար լռութիւն տիրեց, մինչեւ որ որոտընդոստ ծափերով սրահը ընկալեց եւ ողջունեց Ռուբէն Յովսէփեանին՝ ազատագրուած հայ մտաւորականի անխռով հեգնանքով պատգամը:
Պարզ, սակաւախօս, անդեդեւ եւ ճակատաբաց գաղափարակիրի այդ պատկերով ես ճանչցայ Ռուբէն Յովսէփեանը, որ մինչեւ իր ապաժամ մահը ամէն օր նոր բառ մը եւ սրտաբուխ խորհուրդ մը աւելցուց խորաթափանց հայ մտաւորականի իր անկաշկանդ ներաշխարհին վրայ:
* * *
 Ռուբէն Յովսէփեանի հետ մեր յաջորդ հանդիպումը կայացաւ Երեւանի մէջ, 1990-ի Հոկտեմբերին, երբ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի գլխաւոր խմբագիրի հանգամանքով՝ Բիւրօն զիս գործուղած էր հայրենիք, ընդհանրապէս մօտէն հետեւելու հայրենիքը փոթորկած պատմակերտ վերիվայրումներուն, նաեւ ու մանաւանդ մասնակցելու ՀՅԴ հայաստանեան վերընձիւղուած կազմակերպութեան անդրանիկ Շրջանային ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբերի վերջերուն, Աղուերան:
Ռուբօն (ինչպէս որ զինք կը սիրէր կոչել հանգուցեալ Մուշեղ Միքայէլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի հայաստանեան պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի գլխաւոր խմբագիրը եւ հետագայի եռանդամ մեր ընկերութեան ամէնէն ջղուտ՝ սասունցի՛ մտաւորականը) արդէն միացած էր Դաշնակցութեան հայաստանեան դեռ չբացայայտուած շարքերուն: Ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Հրայր Մարուխեան ծանօթ էր Ռուբէնին եւ իմ միջեւ ստեղծուած գաղափարական մօտիկութեան, պարբերաբար գանգատ կþարտայայտէր Ռուբէն Յովսէփեանի (իբրեւ թէ հին ռեժիմի նոմենկլատուրայի (պաշտօնացուցակի-Խմբ.) ներկայացուցիչի) ՀՅԴ շարքեր մուտքին նկատմամբ ատենի մեր «սերմնացան» գործիչներէն ոմանց դրսեւորած վերապահութիւններուն ու յարուցած խոչընդոտներուն մասին եւ կը յորդորէր, որ կապերս սերտ պահեմ հայրենի մեր մտաւորականութեան արժանաւոր եւ յարգուած դէմքին հետ:
1990-ի Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն ընկեր Ռուբէնին հետ մեր մտերմութիւնը խորացաւ այն աստիճան, որ երբ ատենին Բիւրոյի կողմէ կեանքի կոչուած ՀՅԴ Հայաստանի Պատասխանատու մարմինը կը կազմէր ընդյատակեայ մեր կուսակցութեան անդրանիկ Շրջանային ժողովի հրաւիրեալ մասնակիցներու ցուցակը եւ Մարմինի որոշ ընկերներ դէմ էին ընկեր Ռուբէնը հրաւիրելուն, իմ դիմումիս ընդառաջելով՝ ընկեր Հրայրը իրեն յատուկ ճկունութեամբ համոզեց Մարմինը, որ Ռուբէնին մասնակցութենէն միայն շահ պիտի ունենար ընդհանուր գործը:
Եւ պէտք էր տեսնել Շրջանային ժողովի մասնակիցներէն շատերու դէմքին պարզուած զարմանքն ու շփոթը՝ ի տես ընկեր Ռուբէնի որոշ յապաղումով մուտքին Աղուերանի ժողովասրահ:
Այդ պահուն իմ ընկերոջ կողքին էի եւ մինչեւ մահ պիտի չմոռնամ անոր հպարտ քայլերով մուտքը գաղափարական մեր ընտանիքի մայր դարպասէն ներս:
Ծանօթ է, որ իրարմէ անտեղեակ եւ խորհրդապահաբար Դաշնակցութեան զինուորագրուած մեր նորագիր ընկերները, այդ ժողովին, չկրցան իրենց քուէները կեդրոնացնել եւ ընտրել ՀՅԴ հայաստանեան կազմակերպութեան անդրանիկ Կեդրոնական կոմիտէի կազմը: Բիւրօն մէկ տարուան պաշտօնավարութեան շրջանով կեանքի կոչեց նշանակովի Կեդրոնական Կոմիտէ, որուն մաս կազմեց ընկեր Ռուբէնը:
Այդպէ՛ս սկսաւ Ռուբոյի շուրջ քառորդ դարու երթը գաղափարական իր նոր ընտանիքէն ներս:
Երթ, որ կուսակցամոլութեան խորհրդային բեռէն զզուած հայրենի հայութեան յոյս ներշնչեց՝ մարմնաւորելով հասուն կերպարը նորօրեայ դաշնակցական գործիչի, որ հայ ազգային արժէքներու ջերմեռանդ պաշտպանութեան դիրքերէն՝ կուսակցական անձնդիր ծառայութեան ուրոյն աւանդ մը կտակեց գալիք սերունդներուն:
* * *
 Ընկեր Ռուբէն Յովսէփեանի դաշնակցական կենսափորձը, իբրեւ կուսակցական պատասխանատու գործիչ եւ կազմակերպական ղեկավար ներկայացուցիչ՝ առաջին իսկ քայլերէն յատկանշուեցաւ Դաշնակցութենէն մարմնապէս հեռու պայմաններու մէջ կազմաւորումով:
Կոմկուսի անդամակցութիւնը եւ իբրեւ այդպիսին կազմաւորումը անկասկած իրենց անդրադարձը ունեցած էին ընկեր Ռուբէնի վրայ՝ հասարակական կեանքի եւ գործունէութեան տարբեր բնագաւառներէ ներս ինքնահաստատման ուղի հարթելու առումով:
Այդուհանդերձ՝ 70ամեայ խորհրդային ամբողջատիրութեան հարթիչ գլանին տակ իր հերթին խոցեր ստանալով եւ անոնց դէմ պայքարելով, Ռուբէն Յովսէփեան ընթերցումներու, մտորումներու եւ յայտնագործումներու իր ազգային ուրոյն աշխարհայեացքը մշակեց ու խորացուց: ՀՅԴ կազմակերպական, բարոյական եւ գաղափարական աւանդներուն մասին արդէն ունէր իր ուրոյն պատկերացումները, երբ 1988-ի Արցախեան շարժումէն ետք հրաժարեցաւ Կոմկուսէն եւ 1990-ին միացաւ Դաշնակցութեան: Իսկ 1990-ին նախ ՀՅԴ Հայաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին, ապա 1992-էն մինչեւ 1996 ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընտրուելով՝ ընկեր Ռուբէնը ապրեցաւ եւ գործեց այն ամուր համոզումով, որ պատասխանատու մարմիններու անդամ ըլլար թէ ոչ՝ ինք կոչուած էր ուղին հարթելու հայրենի հողին վրայ Դաշնակցութեան մէջ իրենց գաղափարական ընտանիքը փնտռող երիտասարդներուն: Դաշնակցութեան դրօշակիր գործիչի այդ անդառնալի յանձնառութիւնն ու վճռակամութիւնը պայմանաւորեցին մեր ընկերոջ նետած քայլերը նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի անդամակցութեան ժամանակաշրջանին, երբ պատգամաւորի պաշտօնը իբրեւ ծառայութիւն ընկալեց՝ ընթացիկ եւ առօրէական շահագրգռութիւններէ վեր պահել փորձելով դաշնակցական երեսփոխանի բարոյական վարկն ու հեղինակութիւնը:
Եւ պէտք էր տեսնել ընկեր Ռուբէնի խոր հիասթափութիւնն ու զզուանքը, երբ ներկուսակցական ընտրական գձուձ մրցապայքարներու ականատես կը դառնար, կամ՝ դէմ յանդիման կու գար ազատ ու անկախ Հայաստանի պետականութեան հետ իբրեւ անձնական ագարակի վարուելու յոռի բարքերուն:
Շարունակ կþազդարարէր արդար քամահրանքով, թէ դաշնակցական չեղանք, որպէսզի ձախորդ սկսնակի խարխափումներով իրարու վրայ կոխկռտելով որեւէ իշխանութեան սանդուխէն վեր բարձրանալու փորձութեան մատնուինք…
Չէ՞ որ մեր երկիրն ու ժողովուրդը արդէն վճռած են մէկանգամընդմիշտ փակել եւ դարձնել էջը խորհրդային դարաշրջանի այդ սնանկացած փորձութեանց դառն ու կործանարար պատեհապաշտութեանց:
Նոյնպիսի ցասումով ընկեր Ռուբէնը կը հակադարձէր բարոյական եւ գաղափարական դասեր բաշխելու ոմանց յաւակնութեանց, մանաւանդ երբ Սփիւռքի անունով հայրենականը նսեմացնելու տրամադրութիւններ կը դրսեւորուէին…
Վերջապէս, բայց ոչ վերջինը, ընկեր Ռուբէնի համար դաշնակցականը հայու առհաւական արժանիքները իւրովի մարմնաւորող մարդն է, որուն գաղափարաբանութիւնը բխած է Քրիստոսի ամէնէն վաւերական արժէքներէն եւ սկզբունքներէն, եւ որուն ընկերասիրութեան հիմքը անսակարկելի մարդկայնութիւնն է՝ այլասիրութեամբ յագեցած:
18 տարուան վրայ երկարած դաշնակցական մտերմութեան եւ գործակցութեան արգասիքով՝ ընկեր Ռուբէն Յովսէփեան իրաւամբ կը ներկայանայ, իմ յիշողութեան պաստառին, իբրեւ դաշնակցական ուղղամտութեան եւ լայնախոհութեան հպարտ ասպետը, որ հաւատաց եւ իւրովի ապրեցնել փորձեց 20-րդ դարավերջի Հայաստանի ծնունդ Դաշնակցականը:
Նազարէթ Պէրպէրեան