1 Նոյեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան եւ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի անդամ Կարին Յովսէփեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցին անունով երախտագիտական նամակ յանձնեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան:
Զանոնք դիմաւորեց եւ ողջունեց դեսպանատան մամլոյ կցորդ Քելլի Լոնկ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց երախտագիտութեան համար,դիտել տալով, որ երբ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինն Թրէյսի Հայաստան վերադառնայ, շուտով պիտի յանձնեն նամակը։
«Հայ Դատի գրասենեակները տասնամեակներ աշխատած են այս ուղղութեամբ, կրցած են մոբիլիզացնել (զօրաշարժի ենթարկել-Խմբ.) ամբողջ հայ համայնքը: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը թիւ 296 բանաձեւով վերահաստատեց 1951թ. որդեգրած իր դիրքորոշումը, որուն հետեւանքով դարասկզբին՝ 1915-1923թթ., տեղի ունեցած՝ 1.5 միլիոն հայու կոտորածը եւ տեղահանութիւնները Ցեղասպանութիւն եղած է: Բանաձեւը նաեւ կը խրախուսէ մարդկութեան դէմ իրականացուող յանցագործութիւններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ կապի կրթութիւնը եւ հանրային իրազեկուածութիւնը», «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գնահատական ներկայացուց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան:
Ըստ անոր՝ բանաձեւի ընդունումը անգամ մը եւս հաստատեց, որ ժխտում այլեւս անիմաստ է, եւ վերջ ի վերջոյ, Թուրքիան պէտք է առերեսուի իր պատմութեան, ընդունի իր կատարած յանցագործութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն: «Մեր տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ, կայուն համերաշխութիւն կարելի է ապահովել միայն, եթէ Թուրքիան առերեսուի իր պատմութեան, ընդունի իր մեղսագործութիւնը, վերականգնուին մեր ժողովուրդի իրաւունքները, եւ հաստատուի պատմական արդարութիւնը», եզրափակեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամը: