«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ամերիկեան հեղինակաւոր The New York Times պարբերականի լրագրող Ռոժեր Քոհենին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Թուրքիոյ կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի փաստէ, որ այդ երկիրը հանդուրժող պետութիւն դառնալու ճամբուն վրայ է:

Լրագրող Ռոժեր Քոհեն The New York Times-ի մէջ ստուարածաւալ յօդուած  հրապարակած է, որուն մէջ անդրադարձած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման:

«Հայաստանի բոլոր գրասենեակներէն ներս կրնաս տեսնել Արարատ լերան նկարը: Լեռը, որ այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ,  խորհրդանիշն է հայերու կարօտին, հպարտութեան, վերադարձի յոյսին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան, որ սկսաւ 1915 թուին: Օսմանեան Կայսրութեան մէջ սպանուեցան աւելի քան մէկ միլիոն հայեր: Այս շաբաթ Ներկայացուցիչներու պալատը, անտեսելով թրքական նախազգուշացումները, ընդունեց այդ ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Նախագահ Պարաք Օպաման ալ նախքան իր նախագահ ըլլալը յստակօրէն ճանչցած էր ցեղասպանութիւնը ու թէեւ 2008-ին, որպէս նախագահի թեկնածու, խոստացած էր պաշտօնապէս ճանչնալ, սակայն գործնական քաղաքականութիւնը յաղթեց անոր սկզբունքներուն», կը գրէ Քոհեն:

Յօդուածագիրը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատմութեան` արձանագրելով, որ այսօր Հայաստան փակ սահմաններ ունի Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ եւ բաց են միայն Վրաստանի ու Իրանի հետ սահմանները:

Հեղինակը յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ 2018-ին, շաբաթներ շարունակ, տեղի ունեցած են  իշխանութիւններուն դէմ բողոքի ցոյցեր, այնպէս ինչպէս Պէյրութի, Պաղտատի եւ Սանթիակոյի մէջ վերջին շաբաթներուն ընթացքին: Այս ցոյցերուն հետեւանքով ցնցուած են կառավարութիւններուն հիմքերը, իսկ որոշ պարագաներու նման ցոյցեր հրաժարականներու պատճառ դարձած են:

«Պերլինեան պատը քանդած ոգին կը շարունակէ ապրիլ» խորագիրը կրող յօդուածին հեղինակը Հայաստանի նախագահին հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է ողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու ալիքին: