«Արմէնփրէս».- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած ուղիւղ սփռումով յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մասին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու պատկերացումները նոյնանման են:

«Վերջին շրջանին յաճախ  շահարկուած է այն տեսակէտը, թէ Արցախի իշխանութեան եւ Հայաստանի իշխանութեան միջեւ հակասութիւններ ու հակադրութիւններ գոյութիւն ունին: Կ’ուզեմ արձանագրել, որ ՀՀ իշխանութեան եւ Արցախի իշխանութեան պատկերացումները Ղարաբաղի հարցին կարգաւորման գծով նոյնանման են», ըսաւ Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը դիտել տուաւ, որ հակառակը կարելի չէր որ ըլլար արդէն: