Վանաձորի միջոցառումներու տան մէջ շաբաթ օր ժողովրդական տօնախմբութիւն էր: Հոն էին ազգային-յեղափոխական երգերու երգիչներ Սամուէլ Երանեանն ու Ներսիկ Իսպիրեանը: Առիթը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 129-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնն էր:

ՀՅԴ Լոռիի մարզային կառոյցին կողմէ նախաձեռնուած ձեռնարկին կը մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, ՀՅԴ Լոռիի մարզային կառոյցի անդամները, ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու ներկայացուցիչները, համակիրներն ու բազմաթիւ քաղաքացիներ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Լոռիի մարզային կազմակերպութեան պատասխանատու Արմենուհի Կիւրեղեանի շնորհաւորանքի եւ ողջոյնի խօսքէն ետք ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ժողովրդական տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ գեղարուեստական կատարումներով, ասմունքներով, երգերով ու պարերով: