Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը խնդրահարոյց կը համարէ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Արցախի հարցը պէտք է հանրաքուէի միջոցով լուծել:

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Փաստինֆօ»ին հետ ունեցած զրոյցին ըսաւ. «Ասոր մասին մենք բազմիցս յայտարարած ենք: Ժողովուրդը այդ հովանաւորութիւնը տուած է իշխանութիւններուն եւ անոնք պէտք է պատուով կարենան այդ հարցը առաջ մղել: Կրնա՞յ ըլլալ հանրաքուէի ինչ-որ տարբերակ կամ նախագիծ կայ, որմէ տեղեակ չենք»:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 3 Նոյեմբերին դիմատետրի ուղիղ եթերով անդրադարձած էր Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման: Ան յայտնած էր, որ իր հիմնական հարցը բանակցային սեղանի շուրջ փնտռել եւ գտնել է Հայաստանի, հայ ժողովուրդի համար ընդունելի լուծումը:
«Երբ բանակցային գործընթացով պիտի ձեւակերպուի այնպիսի լուծում, այնպիսի առաջարկ, որը կարելի է համարեմ, որ ընդունելի պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին համար, այդ առաջարկը պիտի ներկայացնեմ ժողովուրդին, անոր շուրջ համազգային քննարկում պիտի ունենանք եւ որոշումները պիտի կայացուին համազգային չափանիշով…», շեշտած էր վարչապետը:
Ամփոփելով խօսքը, ան յայտնած էր, որ Արցախի իշխանութեան եւ Հայաստանի իշխանութեան պատկերացումները Արցախի հարցի կարգաւորման մասին նոյնանման են:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ չէ՞ք կարծեր, որ ժողովուրդը իր տեսակէտը արդէն յայտնած է Անկախութեան հռչակագիրով, Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Այո, ժողովուրդը իր տեսակէտը արտայայտած է Անկախութեան հռչակագիրով, որ ամրագրուած է Արցախի Սահմանադրութեամբ, իր տեսակէտը յայտնած է իր որդիներու արեան գինով, հայրենիքը ազատագրելով: Չի կրնար Հայաստանի մէջ այլ տեսակէտ գոյութիւն ունենալ, քննարկուիլ, հանրաքուէի դրուիլ»:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչի խօսքին համաձայն, Արցախի հարցով հանրաքուէ իրականացնելը անհեռատեսութիւն ու անլրջութիւն է. «Այսինքն նո՞ր պէտք է հասկնանք, թէ մեր ժողովուրդը ինչ տեսակէտ ունի Արցախեան հարցին մասին: ՀՀ իշխանութիւնները ամբողջական պատասխանատուութիւն կը կրեն հայ ժողովուրդին, Արցախի ժողովուրդին ու արցախեան բանակցութիւններուն հարցով: Ժողովուրդը տուած է հովանաւորութիւնը, անոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն»:
Սաղաթէլեան ըսաւ, որ մտահոգիչ է այն հարցը թէ ի՞նչը կ’ուզեն հանրաքուէի դնել. «Այսինքն կա՞յ այլ տարբերակ, որ հանրաքուէի դրուի»:
Պատասխանելով այն հարցումին թէ Կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ տարբերակ մը, որ ձեռնտու ըլլայ եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ Արցախի, եւ՛ Ատրպէյճանի համար, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը ըսաւ. «Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար ձեռնտու տարբերակը չի կրնար ձեռնտու ըլլալ նաեւ հայերուն համար»:

Հեղինակ`
Սոնա Գէորգեան