«Արմէնփրէս».- Դիմատետրի իր էջին մէջ ուղիղ սփռումով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է.« Հայաստանը պէտք է ըլլայ ժամանակակից երկիր, ուր մարդու մտածելու իրաւունքը կը յարգուի եւ աւելին…»:
«Բոլորը պարտաւոր չեն միանման մտածել տարբեր հարցերու շուրջ, նոյնիսկ՝ քաղաքական: Հակառակ պարագային մեր երկիրը դէպի ետ կը գլորենք: Յեղափոխութիւնը բերած է ազատութիւն, սակայն կան ուժեր, որոնք կը փորձեն օգտագործել ու ՀՀ-ի մէջ սակաւագիտութիւն հաստատել: Հիմա նոր երեւոյթ է կարծես, չափանիշներէ դուրս ստեղծագործական աշխատանքին կը կպցնեն սատանիստներու անունը: Դէպի ո՞ւր կ’երթանք: Հայաստանի մէջ միտքը պիտի աշխատի եւ պէտք չէ ըլլայ կաղապարուած», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը խօսեցաւ Հայոց լեզու, Հայոց պատմութիւն առարկաներուն բուհական համակարգէն ներս պարտադիր դասաւանդման վերանայելու շուրջ ծաւալած քննարկումներուն մասին: Ան շեշտեց, որ այդ քննարկումներուն մէջ պէտք է հասկնալ ու գտնել որոշակի պատասխաններ, տեսնել աշխարհի մէջ յաջողութիւն գտած փորձերը:
«Շատեր կը զարմանան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ հարցը քննարկել, միթէ այդ հարցին քննարկումը ազգադաւութի՞ւն: Կ’ուզեմ հասկնալ, թէ մենք ի՞նչ հարց կը դնենք բուհական համակարգին առջեւ: Մեր բուհական համակարգը չի՞ կրնար մրցունակ մասնագէտներ պատրաստել: Եթէ մեր համալսարանները պիտի մնան գիտութեան ետնախորշերուն մէջ, ուրեմն այս բարեփոխումներնը ինչո՞ւ համար են: Կան մարդիկ, որոնք կ’ուզեն մեզ փտածութեան ետնախորշերուն մէջ պահել, սակաւագիտութիւնը ապրելակերպ դարձնել: Լուսանցք մղուած մարդիկ, որ չեն կրնար քաղաքացիի մը աջակցութեան համար ստորագրութիւն հաւաքել, հիմա կը պաշտպանեն հայոց լեզուն: Որմէ՞ կը պաշտպանէք հայոց լեզուն, մեզմէ՞: Մենք պէտք է հասկնանք, թէ երկրաչափը որքան ոչ-երկրաչափական ուղղութեամբ զբաղեցնենք, այնքան մասնագէտ դառնալու ճամբէն ետ կը մղենք զինք», աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան: