Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2019-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութեանց առնչուող հարցեր։