Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան 40-ամեակին առիթով, յետադարձ հայեացք մը նետելով միութեան քառասուն տարուան գործունէութեան, յատկապէս սփիւռքահայ երիտասարդութեան կեանքին մէջ անոր ունեցած դերին ու ազդեցութեան համընդհանուր պատկերին վրայ, նախ մեծարելու ենք այն լուսաւոր դէմքերը, ՍԵՄ-ի հիմնադիրները, որոնք երիտասարդութիւնը կազմակերպ շարքերու մէջ համախմբելու միտքը յղացան ու պատրաստեցին այն գաղափարական, դաստիարակչական հիմքը, որուն վրայ պիտի կառուցուէր ու թռիչք առնէր այս միութիւնը:
Այդ հիմքը կազմեցին միութեան ծրագիր-կանոնագիրն ու կազմակերպական աշխատանքի որակն ու եղանակը: Այս բոլորին վրայ աւելնալու եկաւ ընկերային այն ջերմ ու առողջ մթնոլորտը, որ տարուող աշխատանքին աւիւն եւ սէր ներարկեց:
Հայկական վարժարաններուն մէջ եթէ երիտասարդ տարրը առիթ կ’ունենար ծանօթանալու հայ գիր ու գրականութեան, մասամբ մըն ալ հայոց պատմութեան, երիտասարդական միութիւնը կու գար պատրաստելու ազգային մտածողութեամբ ու ազգին ծառայելու գիտակցութեամբ թրծուած հայ երիտասարդը, զինք հեռու պահելով սփիւռքի ջլատող պայմաններու ազդեցութենէն, կարեւոր դեր վստահելով անոր մեր հանրային կեանքի կազմակերպման մէջ:
ՍԵՄ-ի մէջ հայ երիտասարդներուն առողջ դաստիարակութիւնը, ազգային մտածողութեան զարգացումը,և գիրքերուն ու դասախօսութիւններուն կողքին,և համալրելու կու գային հաւաքական զրոյցները, բանավէճերը, ապակեդրոնացեալ աշխատանքի մէջ ձեւաւորուող նախաձեռնութեան ոգին, հաւաքական աշխատանքը յառաջ մղելու մատղաշ ճիգերը, տակաւին ընկերային այն ջերմ ու անկեղծ յարաբերութիւնները, որոնք ամրակուռ ընտանիքի մը պիտի վերածէին ՍԵՄ-ը:
Ինչպէս կարելի էր պահել ազգ մը, կեանքի կոչել անոր իտէալները, եթէ գոյութիւն չունենային երիտասարդութիւնը կազմակերպելու, անոր էական դեր վստահելու ճիգն ու հեռանկարը: Կրաւորական երիտասարդութիւնը դիւրաւ կը յանձնուէր հոսկէ-հոնկէ փչող հոսանքներուն, անտէր թողլով իր ժառանգութիւնը:
Աւելին. 70-ական թուականներէն սկսեալ ՀՅԴ երիտասարդութեան քաղաքականացման ու յեղափոխականացման գործընթացը մարմին կ’առնէր ու կը զարգանար երիտասարդական շարքերուն մէջ, եւ հայ երիտասարդութիւնը մեծ դերակատարութիւն կը ստանձնէր պահանջատիրական մեր երթին մէջ, որպէս յանդուգն, ազգային ու քաղաքական մտածողութեամբ օժտուած տարր:
Հայաստանի վերանկախացումը, արցախեան ազատամարտը կամաւոր ծառայութեան ու նուիրումի արդէն իսկ պատրաստ երիտասարդութեան դիմաց աշխատանքի նոր դաշտեր կը բանային՝ մասնակցելու, հոգիներ խանդավառելու, իրենց լուման բերելու ազգային մեր իտէալներու իրականացման առաջնորդող այս փուլերուն:
Այս բոլորին կողքին նոյնքան կարեւոր էր երիտասարդ տարրին ինքնակերտումի աշխատանքը: Անոնց շարքերէն դուրս պիտի գային բժիշկներ, երկրաչափներ, իրաւաբաններ, արուեստագէտներ ու արհեստաւորներ, որոնք պիտի դառնային Սփիւռքի գաղութներուն մէջ ծառայող ու նոր միտքեր, նոր գաղափարներ մուծող տարրեր, հաւասար պարտաւորութիւններով, կամաւոր աշխատանքի միեւնոյն յանձնառութեամբ:
Բանակումներ, դաստիարակչական ծրագիրներ, հրատարակչական աշխատանք, ազգային-յեղափոխական գրականութեան, հայոց պատմութեան ծանօթացում, տակաւին մարմնամարզի այլազան ծրագիրներ, ժողովուրդին ծառայելու, անոր պաշտպանը հանդիսանալու, պատերազմական պայմաններուն մէջ մարտական ոգիով անոր օգնութեան ձեռք երկարելու, հրդեհներ շիջանելու, վիրաւորներ փոխադրելու, ազգային կառոյցներուն հսկելու յանձնառութիւն:
Այսպիսի երիտասարդութիւն կերտող դարբնոց մը եղած է ՍԵՄ-ը իրականութեան մէջ:
Ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները, ի տես այլասերիչ հոսանքներու սաստկացումին, կը պահանջեն աշխատանքի նոր ոճ, քննական միտքով, գիտութեամբ գերազանց մակարդակ նուաճող ու պայքարելու ժամանակակից միջոցներուն տիրապետող, ճկուն երիտասարդութեան մասնակցութիւնը ազգային ու հանրային կեանքին, հեռու ազգայնամոլութեան ու նեղմտութեան հիւանդագին կաղապարներէն:
ՍԵՄ-ի շարքերը միշտ ալ հարուստ եղած են ազգային առողջ դաստիարակութեամբ տոգորուն երիտասարդութեամբ, աշխատունակ տարրերը միշտ պատրաստ եղած են քայլ պահելու ժամանակին հետ, նոյնիսկ ժամանակէն առաջ անցնելու:
Կը մնայ այս եռանդն ու կորովը նոր որակ ու նոր ուժ կուտակելու ծառայեցնել եւ նոր սերունդները հաղորդակից պահել մեր ազգային ժառանգութեան, հայրենիքի ու Հայ Դատի հրամայականներուն:
Շնորհաւոր Ձեր 40-ամեակը, ՍԵՄ-ի պատմութիւնը կերտած, անոր ջահը միշտ վառ պահած, սերունդէ-սերունդ միութիւնը նոր շունչով ու եռանդով օժտած ազնիւ, գիտակից նուիրեալներ:
«Գ.»