Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը հաղորդեն, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 Նոյեմբերին Պրիւքսէլ քաղաքին մէջ այցելած է Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի գրասենեակ, հանդիպելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր խաչատուրեանին, գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանին եւ աշխատակիցներուն հետ:
Քննարկուած են Արցախ-Սփիւռք կապերուն, եւրոպական տարբեր հարթակներով Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկատուութեան ներկայացման եւ այլ ոլորտներու առնչուող շարք մը հարցեր:
Նախագահը բարձր գնահատած է Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբին աշխատանքը` ուղղուած Արցախի սատարման, եւ յոյս յայտնած է, որ կառոյցը նոյն եռանդով պիտի շարունակէ իր հայրենանուէր գործունէութիւնը: