ՍԱՆԱ- Շաբաթ, 9 Նոյեմբերին, սուրիական բանակի միաւորները բուռն բախումներէ վերջ ետ մղեցին թրքական ուժերը եւ ազատագրեցին Ռաս ուլ Այնի Ըմ Շայիֆա գիւղը։

Բախումներու ընթացքին վիրաւորուեցան նաեւ սուրիական պատկերասփիւռի նկարահանման խումբի անդամները։

Նախորդ օրը, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ, Սուրիա-Թուրքիա սահմանային գօտիին վրայ Գամիշլիէն դէպի արեւելք՝ Մելքիէ, 60 քմ. տարածութեան վրայ սուրիական բանակին տեղակայումէն ետք, բանակը համալրուեցաւ զինուորական նոր միաւորներով։

Միւս կողմէ, Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերին 10 քաղաքայիններ շնչահեղձ դարձան, երբ թրքական պարեկային խումբեր, ռուսական պարեկային խումբերու հետ շրջելու պահուն, արցունքաբեր կազ արձակեցին Ճաուատիէ շրջանին մէջ թրքական ուժերուն դէմ բողոքի ցոյցի ելած քաղաքայիններուն վրայ։ Նոյն ժամերուն, թրքական ուժեր եւ անոնց ենթակայ զինեալներ Ռաս ուլ Այնի Թել Ճամա գիւղէն 3 քաղաքային առեւանգեցին, իսկ մէկ քաղաքացի տանջամահ եղաւ։