Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր 2019-ին, Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ.Լեւոն Աբղ. Եղիայեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Գամիշլիի Ազգային Եփրատ մանկապարտէզ, Ազգային Եփրատ նախակրթարան եւ Ազգային Միացեալ միջնակարգ վարժարան, ընկերակցութեամբ Արժանապատիւ Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ ազգային դպրոցներու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն։

Հոգեշնորհ հայր սուրբն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ջերմօրէն ընդունուեցան դպրոցներու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն կողմէ։

Ազգային միջնակարգ վարժարանի տնօրէն Երկրչփ. Կարպիս Շիրիքճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շեշտեց հոգեշնորհ հայր սուրբին այցելութեան կարևորութիւնը, նամանաւանդ գրաւորներու այս շրջանին, երբ աշակերտները իր օրհնութեամբ ու քաջալերական խօսքերով կը խրախուսուին եւ այդ խօսքերը մղիչ ուժ մը կը դառնան՝ նուաճելու յաջողութիւնը։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ շեշտեց ուսման կարեւորութիւնը, էական դերը եւ ազգային դպրոցներուն կրկնակի պարտականութիւնը որպէս ուսման կեդրոններ եւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբող կառոյցներ։

Ազգային Եփրատ նախակրթարանի տնօրէնուհի, փաստաբան Լուսին Աւետիսեան ամփոփ զեկոյցով մը ներկայացուց դպրոցի ներկայ իրավիճակն ու քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրները։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրավիգ կանգնելու, ճիգ չխնայելու եւ բոլոր կարելիութիւններով սատարելու ազգային վարժարաններու ուսումնակրթական յաջող ընթացքին։

Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբը
մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ, որոնք բարի գալուստի կանչերով, արտասանութիւններով եւ ազգային երգերով յայտնեցին իրենց ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը հոգեշնորհ հայր սուրբին այցելութեան առիթով։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեց տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ աշակերտներուն ու ըսաւ. «Հայ դպրոցը հայ մանուկին համար շտեմարան մըն է, որով հայ աշակերտը կ՚ամբարէ ազգային, գլխագիր հայու դաստիարակութիւն, դառնալու ներկայի ծաղկուն գարունը ու մեր ապագայի ղեկավարը»։ Ապա ան մաղթեց, որ 2019-2020 ուսումնական տարին աւարտին հասնի խաղաղութեամբ, յաջողութեամբ եւ անփորձանք, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն մաղթեց Սուրիական Հայրենիքին, ուժ եւ կորով երկրի սահմանները պաշտպանող աննահանջ բանակին եւ յաղթական երթ վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ Ասատին։

Այնուհետեւ Ազգային Եփրատ մանկապարտէզի աշակերտները ուրախ երգերով դիմաւորեցին հոգեշնորհ հայր սուրբն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Մանկապարտիզպանուհի, փաստաբան Մարալ Գասապեան եւ ուսուցչուհիները ներկայացուցին մանկապարտէզի ընդհանուր պատկերը, իրենց առաջարկներն ու մտահոգութիւնները։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը բարձրօրէն գնահատեց իրենց աշխատանքը, շեշտելով հայ լեզուին կարեւորութիւնը, նամանաւանդ փոքր այս տարիքին։

Այցելութիւններու աւարտին յիշատակի նկարներ առնուեցան։

 

Բժշկհ. Մարի Մելքոն