Բակօ Սահակեան. «Անհրաժեշտ Է Հետեւողականօրէն Ամրապնդել Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք Եռամիասնոթիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Դատը Ամբողջ Հայ Ժողովուրդին Դատն Է»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հայ Դատի Զինուորագրեալները Մեր Երկրորդ Բանակն Են»

, ,

Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ին, կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյին, Պրիւքսելի Steigenberger Wiltcher’s հիւրանոցին մէջ, ժամը 20։00-էն 23։00 տեղի ունեցաւ դրամահաւաք-ընթրիք, որուն ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու  աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 2.400.000 ամ. տոլար։

Պատուոյ սեղանին նստած էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան, Պելճիքայի Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ և լիազօր դեսպան եւ Եւրոպական Միութեան մօտ ՀՀ առաքելութեան ղեկավար Թաթուլ Մարգարեան, ՆԱԹՕ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար Գագիկ Յովհաննիսեան, Պրիւքսէլի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Իրինա Բեգլարեան, բարերարներ Տ. եւ Տ. Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններ եւ պարոն Գաբրիէլ Չէմպէրճեան։

Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ, ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչներ, Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներ, նուիրատուներ եւ հիւրեր:

Հանդիսավար Հրայր Սողմոնեանի կողմէ տեղի ունեցաւ միջոցառումի բացումը։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին նուիրահաւաքին: Ան դիտել տուաւ, որ ձեռնարկը երախտագիտութեան զգացումի արտայայտութեան զուգահեռ նաեւ առիթ է հաշուետուութեան, ներկայացնելու Հայ Դատի Եւրոպայի, Հայաստանի կեդրոնական գրասենեակի, Միջին Արեւելքի գրասենեակի աշխատանքներու ծիրը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի Կեդրոնական գրասենեակին կողքին շրջանային մակարդակով Հայ Դատի գրասենեակներ կը գործեն ամէնուրեք:

«1991 թուականէն սկսեալ, երբ հպարտութեամբ ողջունեցինք Հայաստանի վերանկախացումը, Արցախի գոյամարտի արդիւնքը հանդիսացող Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը, հարստացաւ նաեւ մեր Հայ Դատի օրակարգը: Եթէ դասականօրէն կը գործէինք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, այսօր ցեղասպանութիւնը երկրորդ մակարդակի վրայ է, որովհետեւ առաջին մակարդակի վրայ եղած է` մեր բոլոր Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն համար, Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցութեան հարցը,  անոր միջազգային վարկի, հեղինակութեան բարձրացումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցը` կա՛մ ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորումով եւ կա՛մ, ուր որ կարելի է, Արցախի միջազգային ճանաչման հարցին արծարծումով: Երկրորդ կարգի վրայ կու գայ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, որ արդէն բաւական ճամբայ կտրած է, եւ, ասոր կողքին, մենք բացած ենք հատուցումներու օրինական երեսներու քննարկման հարցը մեր հիմնած Հայ իրաւանց խորհուրդին կողմէ, որ կ՚ուսումնասիրէ անհատական եւ հաւաքական հատուցումներու հարցը: Երրորդը` հայապատկան հողերու վրայ հայութեան  իրաւունքներու վերադարձի, հայակերտումի խնդիրն է, իսկ չորրորդը` ընդհանրապէս ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան քաղաքականացումն է եւ անոնց առիթներ եւ հնարաւորութիւններ տալու կարելիութիւնը, ոչ թէ իբրեւ խօսք եւ օդային ծրագիրներ, այլ շատ յստակ ծրագիրներ, որոնց մասին տակաւին առիթ պիտի ըլլայ խօսելու, որոնց ընդմէջէն մենք կը փորձենք բանալ դռներ միջազգային մայրաքաղաքներու մէջ, որպէսզի կարենանք մեր այդ երիտասարդները զետեղել քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, մտաւորական համալսարանական շրջանակներու մէջ, եւ այդպիսով երբեմն հպարտանանք ըսելով, որ բերդը ներսէն գրաւած ենք», յայտնեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան տեղեկացուց, որ երիտասարդութեան վերաբերող այս ծրագիրին մէջ արդէն կարելի եղած է ներգրաւել շուրջ 200 երիտասարդներ Ուաշինկթընէն եւ եւրոպական զանազան մայրաքաղաքներէ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան պարտականութիւնն է ծառայել իր ժողովուրդին` դիտել տալով, որ լաւապէս գիտենք ինչ կը նշանակէ նուիրում, կամաւոր աշխատանք, զոհողութիւն, եւ եթէ հարկ ըլլայ` կեանքի գնով պայքարի մասնակցութիւն: «Բայց 21-րդ դարուն կ՚անդրադառնանք նաեւ, որ միայն կամաւոր աշխատանքը բաւարար չէ, մենք պէտք է ունենանք արհեստավարժ կեդրոններ: Ուրախ ենք ըսելու, որ վերջին  15 տարուան ընթացքին մենք կրցած ենք ստեղծել նման կառոյցներ», յայտնեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ անոնք բաւարար ու ամբողջական կրնան չըլլալ, սակայն անկասկած կը շարունակեն տարին 365 օր, շաբաթը 7 օր եւ օրական 24 ժամ միշտ հիմնական պատնէշներու վրայ ըլլալ: «Մեր Հայ Դատի զինուորագրեալները, մէկ մասը` արհեստավարժ, ջախջախիչ մասը կամաւոր բանակ, իսկապէս անոնք երկրորդ բանակը կը հանդիսանան` Հայաստանի ու Արցախի բանակներուն կողքին, անոնք մեր քաղաքական դաշտի բանակն են, որ Արցախի եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կողքին կը պայքարին առաջադրուած չորս հիմնական ոլորտներուն մէջ», շեշտեց Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ, որ այդ արհեստավարժութեան յաջողութեան եւ պայքարի յարատեւման համար ՀՅԴ-ն կը դիմէ ժողովուրդին, որ միշտ կ՚անսայ դիմումին եւ նեցուկ կը կանգնի Դաշնակցութեան:

Հանդիսավարը մէջ ընդ մէջ կ՚ընթերցէր նուիրատուութիւններու ցուցակները։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ելոյթին ընթացքին ողջունեց ներկաները, փոխանցեց Արցախի ժողովուրդին ջերմ բարեմաղթանքները, կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ նշեց, որ ասիկա հարթակ մըն է` քննարկելու համազգային եւ միջազգային զարգացումները, ծանօթանալու տարբեր կարծիքներու:

Նախագահ Բակօ Սահակեան անդրադարձաւ Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան շարք մը հիմնարար գաղափարներու:

«Աշխարհում տեղի են ունենում բաւականին աշխոյժ եւ լուրջ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժեր ու փոփոխութիւններ: Ընդ որում՝ այդ փոփոխութիւնների մի կարեւոր հոսանքն ընթանում է մեր եւ յարակից շրջաններում: Դա պահանջում է աւելի մեծ զգոնություն, փոխգործակցութեան համակարգման աստիճանի բարձրացում, տարբեր երկրների հետ տարուող աշխատանքների, մարտավարութեան եւ ռազմավարութեան մէջ յստակեցումների ու փոփոխութիւնների իրականացում»,  իր ելոյթին մէջ ընդգծեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը:

Նախագահը աւելցուց. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ Դատի յանձնախմբերն ու գրասենեակներն իրականացնում են մեծածաւալ եւ կարեւոր աշխատանք՝ միջազգային հարթակներում մեր համազգային խնդիրների ներկայացման ուղղութեամբ, յատուկ ուշադրութեան կեդրոնում պահելով Արցախը, նրա շահերի պաշտպանութիւնը, տարբեր երկրների հետ երկկողմ բարիդրացիական յարաբերութիւնների զարգացումն ու խորացումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը»:

Նախագահ Սահակեան շեշտեց, որ մեր բոլոր յաղթանակներուն եւ ձեռքբերումներուն կիզակէտը կը տեղադրուին ժողովուրդի միասնականութիւնը, անկոտրում հաւատքը, հաւաքական կամքը, լաւատեսութիւնն ու քրտնաջան աշխատանքը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ընել կարելին այս ուղղութեամբ, հետեւողականօրէն ամրապնդելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, զարգացնելու եւ խորացնելու մնայուն գործնական կապերը Արցախին եւ անոր բարեկամներուն միջեւ:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն` Արցախին մշտապէս սատարելու, մեր համազգային հարցերու լուծման աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու համար:

Տէր Յովակիմ սրբազանը ընթերցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը։ (Գարեգին Բ.-ի օրհնութեան գիրը՝ ամբողջութեամբ կը հրատարակենք հետագային)

Ցուցադրուեցաւ Հայ Դատի յանձախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը։

ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը։ (ՀՀ նախագահին ուղերձը՝ ամբողջութեամբ կը հրատարակենք հետագային)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղեց իր հայրապետական պատգամը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայ Դատի աշխատանքներու կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու պայքարը շարունակելու անհրաժեշտութեան:

Խօսքին սկիզբը Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ Հայ Դատը միայն Սփիւռքի կամ միայն Հայաստանի ու Արցախի դատը չէ, անիկա ամբողջ հայ ժողովուրդին դատն է:

«Մեզի համար Հայաստանի հզօրացումը պայքար է: Արցախի անկախութեան պահպանումը պայքար է: Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք եւ մեզի համար առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` շեշտելով յատկապէս, որ մեզի համար, հայ ժողովուրդին համար Հայ Դատը ամէնօրեայ պայքար է:

«Այսօր Հայ Դատի մարմինները ի սփիւռս աշխարհի բարձրագոյն աստիճանի նուիրուածութեամբ, նախանձախնդրութեամբ, հետեւողականութեամբ եւ մանաւանդ կամքով եւ հաւատքով կը հետապնդեն մեր ժողովուրդի իրաւունքները. մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման մէջ անկասկած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունեցաւ, ունի եւ պիտի ունենայ իր առանցքային տեղը եւ դերը», ըսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեանը ներկայացուց նախորդ հանգանակային ձեռնարկէն ի վեր նիւթական հաշուեկշիռը եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համակարգն ու աշխատանքները։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտարարեց երեկոյի մեծագոյն նուիրատուութիւնները. մինչ այդ կատարուած խոստումներու գումարը հասած էր 2.400.000-ի։ Մեծագոյն նուիրատուութիւններն էին՝ Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեաններ հարիւր հազար ամերիկեան տոլար. Գաբրիէլ Չէմպէրճի՝ հարիւր յիսուն հազար ամերիկեան տոլար. Գագիկ Ծառուկեան՝ երկու հարիւր յիսուն հազար ամերիկեան տոլար. Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններ՝ հինգ հարիւր հազար ամերիկեան տոլար։

Մինչեւ ձեռնարկին փակումը յայտարարուեցաւ, որ Հայ Դատի աշխատանքներուն համար դրամահաւաքը կը շարունակուի։

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ