«Արմէնփրէս»- Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան մասին, որուն հետեւանքով սպանուած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Յովսէփ Քահանայ Պետոյեանը եւ անոր հայրը` Հանա Պետոյեանը:

«Խստիւ կը դատապարտենք Սուրիոյ Տէր Զօրի նահանգին մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնը, որուն հետեւանքով դաժանաբար սպանուած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցու ժողովրդապետ Յովսէփ Քահանայ Պետոյեանն ու անոր հայրը, վիրաւորուած է եկեղեցւոյ սարկաւագը», գրուած ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:

«Վերջին ամսուան ընթացքին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջան զինուորական ներխուժումը եւ անոր արդիւնքով աշխուժացած ահաբեկչական գործունէութիւնը յատկապէս խոցելի կը դարձնեն քաղաքացիական բնակչութիւնը, այդ կարգին ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները։ Ինքնութեան հողի վրայ շարունակուող հետապնդումներն ու սպանութիւնները վճռականօրէն պէտք է դատապարտուին միջազգային հանրութեան կողմէ։

Մեր խորին ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք զոհերու հարազատներուն, Սուրիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին եւ ողջ սուրիահայութեան՝ մաղթելով ուժ, տոկունութիւն եւ ոգու ամրութիւն:

Հայաստան պիտի շարունակէ մարդասիրական աջակցութեամբ իր ներդրումը բերել Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակի կայունացման գործին», կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։