Մխիթարեան Միաբանութեան հայրերէն՝ Հայր Համազասպ Քէշիշեան դիմատետրի իր էջին վրայ կը գրէ.
«Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2019ի երեկոյեան ժամը 9-էն սկսեալ, մակընթացութեան նախատեսուած բարձրագոյն մակարդակը 40 սմ. գերազանցելով՝ հարաւային ուժգին քամիին պատճառով Վենետիկի լճակի մակարդակը հասաւ 180 սմ.ի:
Այսպիսի իրավիճակ տեղի չէր ունեցած 1966էն ի վեր: Վենետիկի Ճուտեքքա շրջանի հարաւային քարափները ուժգին ալիքներու հարուածին տակ քանդուեցան, նաւեր խորտակուեցան, եւ աւանդական կոնտոլաները Ս. Մարկոսի հրապարակը հասան, ու քաղաքը ամբողջ ջուրով ողողուեցաւ:
Ս. Ղազար կղզին ալ զերծ չմնաց բնութեան այս աղէտէն: Գետնայայրկի բոլոր սենեակները ողողուեցան լճակի տղմուտ ջուրով, քառանկիւնի խոտածածկը ջուրի տակ սուզուեցաւ: Սեղանատունը եւս խուժեցին ջուրերու յորձանքները եւ դժբախտաբար եկեղեցին անգամ լեցուեցաւ կէս մեթր ջուրով, որ հասաւ դասը եւ աւանդատունը՝ վնասելով որոշ եկեղեցական զգեստներ, ձեռագործ զարդարանքներ եւ գորքեր:
Միայն վաղ առաւօտեան անդրադարձանք, որ ամեհի ալիքներու հարուածներուն տակ, ամբողջ հարաւային կողմը եզերող պարսպապատը քանդուած էր:
Այս տխուր համայնապատկերը հասաւ իր գագաթնակէտին վանքին ծովախորշին կայանած «Արմէնիա» առագաստանաւին պատճառած վնասները տեսնելով. առագաստանաւը ալիքներէն քշուած, ցռուկով քանդած էր պարիսպէն հատուած մը մինչեւ լայնքով բարձրանալով քարափը, փլելով ետեւի պարիսպը:
Մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն կ՛ուզենք ապահովեցնել, որ վանքին մատենադարանը, պատկերասրահը, ձեռագրատունը եւ դիւանը անվնաս մնացին Ամենասուրբ Կոյսին մայրախնամ հովանիին ներքոյ»: