Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի լիբանանեան դեսպանատան յարակից շէնքին ուղղութեամբ: Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Միւս կողմէ զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ առաւօտեան ժամը 4:14-ին, իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր պաղեստինեան գրաւուած Ճալիլ քաղաքէն 3 հրթիռ արձակեցին Դամասկոսի ուղղութեամբ: Սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն, վար առնելով անոնցմէ մէկը: Միւս երկու հրթիռները ինկան բնակարանի մը վրայ, որուն հետեւանքով 1 քաղաքացի զոհուեցաւ, 9 ուրիշներ վիրաւորուեցան: