«Երկիր Մետիայի» հասարակական-քաղաքական ծրագիրներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան  Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակութային եւ Մարմնակրթական նախարար-դասախօսներ հանդիպումէն ետք իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է.

«Արայիկ Յարութիւնեանի ակադեմականներուն, գիտնականներուն ու դասախօսներուն հետ հանդիպման տեսագրութիւնը կը  դիտէի երեկոյեան: Ամօթի զգացում կար մէջս: Այլ բառ չեմ կրնար ըսել: Կը ներեն մեզ մեր շատ երեւելի նախարարներ, որոնք կրթութեան ոլորտը  ղեկավարած են անցնող հարիւր տարուան ընթացքին: Ներէ Նիկոլ Աղբալեան եւ Յարութիւն Մելիք-Ղարագէօզեան, դուք որ ստեղծեցիք գաղթականութեան ու աւերի մէջ Երեւանի Պետական Համալսարանը, որուն մէկդարեայ յոբելեանը ապականեց այսօրուան կրթութեան նախարարը իր փառասիրութեամբ, յաւուր պատշաճի չնշելով եզակի այդ յոբելեանը: Ի′ր ԲՈՒՀ-ի յոբելեանը: Ներեցէք մեզ, որ մեր օրօք, մեր կողքին Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարի բազկաթոռին (դուք այդ օրերուն մէկ համեստ աթոռ ունէիք միայն) կիսաթիկնած  ու իր տարիքի բերումով գիտական գործունէութիւն կատարածներուն հետ վերէն կը խօսի այժմու նախարարը»: