«Ապառաժ».-ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն նախաձեռնած է հանդիպումներ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հաւանական 5 թեկնածուներուն հետ:

Նախագահի հաւանական թեկնածուներուն հետ հանդիպումներուն յաջորդած են Արցախի մէջ գրանցուած կուսակցութիւններուն հետ հանդիպումները, որոնց առանցքը միասնական օրակարգի ձեւաւորումն էր:
19 Նոյեմբերին ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան հանդիպումներ ունեցած են Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Աշոտ Ղուլեանի հետ:
Համախոհութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին ԱՀ նախագահի հաւանական թեկնածուներուն հետ քննարկուած են միասնական օրակարգի եւ նախագահի համաձայուած թեկնածուի շուրջ հարցեր: