Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, Դամասկոսի մէջ Ինտոնեսիոյ անկախութեան 74-ամեակին առիթով Ինտոնեսիոյ դեսպանատան կազմակերպած հանդիսութեան շրջագիծէն ներս, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Սուրիա թոյլ պիտի չտայ, որ օտար ուժեր թալանեն սուրիական քարիւղը, իսկ ԱՄՆ եւ արեւմտեան պետութիւններ պէտք է լաւ իմանան, որ Սուրիոյ ժողովուրդը, ուշ կամ կանուխ, իւրաքանչիւր գրաւուած ապա ազատագրուած տարածք պիտի վերականգնէ։
Մըքտատի համաձայն, զարմանալի չէ որ արեւմտեան պետութիւններ կը յանդգնին նման նիւթեր քննարկել Էրտողանի հետ: Անոնք լաւ գիտեն, որ Էրտողան դաւաճան է եւ բարոյականութեան նուազագոյն սկզբունքներն իսկ չունի:
Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութիւններուն ակնարկելով Մըքտատ ըսաւ. «Իտլիպի պատերազմը սկսած է այն վայրկեանէն, երբ ահաբեկիչները, թուրքերն ու արեւմտեան պետութիւնները փորձեցին Իտլիպի եւ այլ քաղաքներու մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը հաստատել։ Սուրիացի ժողովուրդը, սուրիական բանակն ու անոր դաշնակից ուժերը ջանք պիտի չխնայեն թշնամին Սուրիայէն վանելու եւ սուրիական գրաւուած տարածքները վերականգնելու»։
Մըքտատ յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ կարգ մը պետութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ տեղի կ’ունենան դեսպանատուներու վերաբացման շուրջ: Այս ծրագիրը ի գործ պիտի դրուի 2020-ի սկիզբը։