Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հանդիպում ունեցաւ խումբ մը երիտասարդական խըմբակներու հետ, որուն ընթացքին շեշտեց սուրիական միջավայրին մէջ երկխօսութեան ընդհանրացման անհրաժեշտութիւնը: Ասատ դիտել տուաւ, որ երիտասարդները իրենց շինիչ գաղափարներով, երկխօսութեան ճամբով կրնան կառավարական հաստատութիւններուն ընթացքը բարելաւող նախաձեռնութիւններ առաջարկել: