Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրադարանին մէջ ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը:

Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի յառաջիկայ շրջանի ծրագիրները։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ Միութեան կատարած գործին՝ զայն նկատելով առաքելութիւն եւ անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ միշտ զօրավիգ կանգնիլ ՀՄԸՄ-ի ազգային առաքելութեան: