«Ապառաժ».- 23 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է 2019-ին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան սատարած կուսակցական եւ համակիր թեկնածուներուն հետ հանդիպումը:

Հանդիպումին ներկայ եղած են ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ, Արցախի Հանրապետութեւն Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, շրջաններու պատասխանատու ընկերներ:

Հանդիպումի  ընթացքին անդրադարձ  կատարուած է ՏԻՄ համակարգին մէջ առկայ հարցերուն: Մասնակիցները իրենց մտահոգութիւնը  յայտնած են պէտք  եղած լիազօրութիւնները եւ կարելիութիւնները համայնքներուն չտրամադրելու շուրջ, որ անհրաժեշտ է ինքնուրոյն գործունէութիւն ծաւալելու եւ ՏԻՄ համակարգի լիակատար կայացման համար:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներու կողմէն շեշտուած է, որ Դաշնակցութիւնը երկրի կառավարման համակարգին մէջ մշտապէս կողմնակից է ապակեդրոնացման սկզբունքի կիրառման, եւ ՏԻՄ համակարգի կայացումը լաւագոյն միջոցն է այս նպատակին հասնելու համար:

«Դաշնակցութեան համար կարեւոր է տարածքային համաչափ զարգացման սկզբունքի իրագործումը, որուն համար կուսակցութիւնը բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ  կ’իրագործէ: Նման նախաձեռնութիւններէն է նաեւ այսօրուան հաւաքը: Նպատակ ունինք խորհրդակցիլ համայնքապետներու, աւագանիի անդամներու հետ, ծրագիրներ մշակել եւ փորձել ՏԻՄ լիազօրութիւնները ընդլայնել: Մենք համոզուած ենք, որ այս ընթացքով արցախեան գիւղերու զարգացման կարելիութիւն կը ստեղծենք: Նման հաւաքներու, համաժողովներու ընթացքին հնչած միտքերը շատ ատեն օրէնքի նախագիծեր կը դառնան, որուն արդիւնքով կը շահի Արցախի քաղաքացին ու պետութիւնը»,  յայտնած է ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ, ԱՀ ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:

Ամփոփելով ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքները` Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները շնորհակալութիւն  յայտնած են հանդիպումի մասնակիցներուն ու վստահեցուցած, որ երկուստեք համագործակցութիւնը  ապագային  շարունակական պիտի ըլլայ: