Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի բակին մէջ տեղադրուած է հայ մեծ երաժիշտ, մանկավարժ եւ խմբավար Կոմիտասի յուշարձանը:

«Յուշարձանի բացումը կատարուած է պատրիարքական տեղապահ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի հովանիին ներքոյ, իսկ հովանաւորն է Սարգիս Գիւլեկեչը: Կոմիտասի յուշարձանի հեղինակը պոլսահայ քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանն է: Ան յուշարձանի բացումին ընթացքին խօսած է Կոմիտասի դերին եւ իր կատարած աշխատանքին մասին», ըսուած է այս մասին հրապարակուած  հաղորդագրութեան մէջ:

Յայտնենք, որ իր կեանքի որոշ շրջանը Կոմիտասը գործած է Պոլսոյ մէջ, ստեղծած է «Գուսան» հանրածանօթ երգչախումբը, որ մեծ դեր ունեցած է պոլսահայութեան կեանքին մէջ:

1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կազմակերպած եւ իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ողբերգականօրէն կ’ընդհատէ հանճարեղ երաժիշտին գործունէութիւնը: Պոլսահայ մտաւորականներուն հետ ան եւս կը ձերբակալուի եւ կ՛աքսորուի: Որոշ ժամանակ անց, ամերիկեան դեսպան Մորկընթաուի միջնորդութեամբ, Կոմիտասին աքսորէն  կը վերադարձնեն հայրենիք, սակայն ապրած արհաւիրքին հետեւանքով ան կը  կորսնցնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ կը դադրի ստեղծագործելէ: 1916-1919 թթ. Կոմիտասը գտնուած է Կ. Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի հոգեբուժարանին մէջ: Կեանքի վերջին 16 տարիները անցած են Փարիզի Վիլ-էւրար եւ Վիլ-ժուիֆ արուարձաններուն բժշկական հաստատութիւններուն մէջ:

Կոմիտաս վարդապետը վախճանած է 22 Հոկտեմբեր 1935-ին Փարիզ: Մէկ տարի անց անոր աճիւնը տեղափոխուած է Երեւան եւ ամփոփուած հայ մշակոյթի գործիչներու պանթէոնին մէջ, որ ներկայիս կը կրէ Կոմիտասի անունը: