Կիրակի, 25 Նոյեմբեր 2019-ի առաւօտուն, յընթացս Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, Ճեզիրէի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերպ. Տ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ։
Գերպատիւ Հայր Սուրբը Պատարագի աւարտին հաւատացեալ Ժողովուրդին ներկայութեամբ շնորաւորեց հոգեշնորհ հայր սուրբը Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերջին շրջանին տեղի ունեցած հայ կաթողիկէ քահանայ հօր դաւադրական սպանութեան դէմ իր կեցուածքներուն եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զօրակցութեան համար։ Գերապատիւ հայր սուրբը վեր առաւ Ճեզիրէի հայութեան միասնական ու նուիրական գործունէութիւնն ու զոհաբերումները այս դժուար օրերուն։
Իր խօսքի աւարտին, հայր Անդրանիկ հայկական ոճով գծագրուած Աստուածամօր սրբապատկերը նուիրեց հոգեշնորհ հայր սուրբին։
Իր կարգին, հոգեշնորհ Տ. Լեւոն գերապատիւ հայր սուրբին շնորհակալութիւն յայտնեց իր կատարած այցելութեան համար ու ըսաւ. «Այսօրուան Ձեր այցելութիւնն ու շնորհակալութիւնը միայն մեզի ուղղուած չէ, այլեւ ամբողջ Ճէզիրէի հօտին»։ Հայր սուրբը յայտնեց, որ հովիւը կը բարձրանայ իր հօտին աշխատասիրութեամբ եւ ծառայութեամբ։
Յայտնենք, թէ Կիրակի օր, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն եւ նահատակներուն հոգեհանգիստը կատարուեցաւ։ Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանային Վարչութեան անդամ Եղբ. Զաւէն Գասպարեան, Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդի անդամները եւ աստիճանաւորական կազմը։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ պէտք է իր ազգային ծառայութեան լուման նուիրէ մեր հաւաքական կեանքի զարգացման ի խնդիր, «Բարձրացիր, Բարձրացուր» իմաստալից նշանաբանին անսալով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն