«Արմէնփրէս»- 26 Նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին 2-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, արտաքին գործերու եւրոպական ծառայութեան` Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով կառավարող տնօրէնի տեղակալ Լիւք Տեւին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին կ’աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Գործակցութեան Կազմակերպութեան Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն :
«Մենք միշտ հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման կողմնակից ենք, մեր կարծիքով`զինուորական լուծումներ չկան, կան միայն զինուորական գործողութիւններու հրահրման ձգտող ամբոխավարութիւն: Որպէս Եւրոպական Միութիւն, մենք հակամարտութեան կողմ չենք, այլ ամբողջովին կ’աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն», ըսաւ Տեւին:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ատոնց յայտնեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը շատ բարձր կը գնահատէ ԵՄ մօտեցումը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ: