«Երկիր».-Սլովենիան վաւերացուցած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը»: Այս մասին այսօր համաձայնագիրի կնքման երկրորդ ամեակին նուիրուած ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ատոնց:
Համաձայնագիրը ստորագրուած է Պրիւքսէլի մէջ 24 Նոյեմբեր 2017-ին:
Աւելցնենք, որ արդէն ԵՄ 18 անդամ երկիր վաւերացուցած է համաձայնագիրը: