«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդահանրապետական» (CHP-ԺՀԿ) Կուսակցութեան անդամ, Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի նոր նշանակումը աղմուկ բարձրացուցած է իշխանամէտ մամուլին մէջ:
Իմամօղլուն քաղաքապետարանէն ներս խորհրդական նշանակած է տարբեր հարցերով իշխանութեան հանդէպ սուր քննադութիւններով յայտնի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Զեյնեպ Թանպայը: Իշխանամէտ կամ աջակողմեան ուղղուածութիւն ունեցող շարք մը լրատուամիջոցներ «աղմկահարոյց» համարած են այս նշանակումը ու ներկայացուցած անցեալի տարբեր հարցերով իշխանութիւններուն ուղղուած Թանպայի սուր քննադատութիւններէն քանի մը հատը:
Յատկապէս Էրտողանի քարոզչական լծակից համարուող «Sabah» թերթի կայքը յիշեցուցած է, որ Թանպայ 2016-ին միացած է Իսթանպուլի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն ու մէջբերած այդ առիթով ընկերային համացանցներու մէջ անոր կատարած գրառումը.
«Պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ, փոխհատուցում տրամադրէ, ետ վերադարձնէ հայերուն պատկանող պետականացուած գոյքերը ու քաղաքացիութիւն տրամադրէ անոնց»:
Աղբիւրը յիշեցուցած է նաեւ, որ առիթով մը Թանպայ ըսած էր, որ ոչ ոք իրեն կրնայ ստիպել կրկնել Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի աւանդած կարգախօսը` «երջանիկ է ան որ կ’ըսէ ` ես թուրք եմ»: