ԱՄՆ Գոլոմպիոյ Շրջանային Խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած է, որով կ’ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը:

Բանաձեւին մէջ ընդգծուած է Գոլոմպիոյ շրջանի բնակիչներուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կրթութեան միջոցով իրազեկելու կարեւորութիւնը:
ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունած է Գոլոմպիոյ շրջանի խորհուրդին կողմէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող բանաձեւի ընդունումը:
Ողջոյնի խօսքին մէջ յատկապէս յիշուած է. « 8 Նոյեմբեր 2019-ին Ուաշինկթընի մէջ 13-0 միաձայն քուէարկութեամբ Գոլոմպիան միացաւ 49 նահանգներու եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի` ճշմարտացի որոշումին` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Քաղաքային խորհուրդը նաեւ կոչ ուղցած է Ցեղասպանութեան մասին իրազեկման միտուած առարկան ներառել Ուաշինկթընի հանրակրթական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրին մէջ»: