Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ֆրանսական «Փարի Մաշ» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ֆրանսական ուժերուն ներկայութիւնը, առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան, բռնատիրութիւն եւ ահաբեկչական ընթացք կը համարուի:
Ասատ շեշտեց, որ ֆրանսական կառավարութենէն կը պահանջուի անգամ մը եւս սերտել միջազգային օրէնքները եւ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը հրահրող արարքները անմիջապէս դադրեցնել:
Ան յայտնեց. «Սուրիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ որեւէ գործակցութիւն չկայ, որովհետեւ կարելի չէ ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարին մէջ ահաբեկչութեան զօրակցող պետութեան հետ գործակցիլ»:
Ասատ դիտել տուաւ, որ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պուշ ժողովրդավարութեան անուան տակ միլիոնաւոր իրաքցի սպանեց, իսկ Սարքուզի Լիպիոյ ժողովուրդին ազատութիւնը պահպանելու պատրուակով հազարաւոր լիպիացիներու տեղահանութեան պատճառ դարձաւ: Իսկ ներկայիս Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ ԱՄՆ միջազգային օրէնքը կը խախտեն այն պատրուակով, թէ այսպիսով իրենք պաշտպան կը հանդիսանան քիւրտերուն, որոնք Սուրիոյ ժողովուրդին մաս կը կազմեն եւ անկէ անջատ հաւաքականութիւն մը չեն:
Ասատ դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ պետութեան հսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ իւրաքանչիւր զինեալ սուրիական օրէնքին պիտի ենթարկուի, աւելցնելով, որ Էրտողան յաճախ կը փորձէ եւրոպական պետութիւններուն կը սպառնայ՝ ահաբեկիչները իրենց երկիրները վերադարձնելու պատրուակով, ինչ որ բարոյականութենէ զուրկ գործելաոճ կը համարուի: