Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական բանագնաց Ալէեքսանտր Լաւենթեւը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին, կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ եւ յատկապէս Իտլիպի իրավիճակին եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն իրարայաջորդ յարձակումներուն շուրջ: Անոնք շեշտեցին ռուս-սուրիական կեցուածքը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու գծով, ինչպէս նաեւ քաղաքացիները իբրեւ մարդկային վահաններ օգտագործելու ահաբեկիչներուն բռնարարքները:
Կողմերը լուսարձակի տակ առին նաեւ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի իրավիճակը եւ շեշտեցին, որ այս շրջաններուն ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը կրնայ հաստատուիլ միայն այն ատեն, երբ Սուրիան իր վերահսկողութեան տակ կ’առնէ բռնագրաւուած հողերը, քաղաքներն ու հաստատութիւնները:
Աւարտին, կողմերը անդրադարձան քաղաքական զարգացումներուն եւ Ասթանայի յառաջիկայ նիստին նախապատրաստական աշխատանքներուն: Անոնք անհրաժեշտ համարեցին Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ երկխօսութեան եւ աշխատանքներու համակարգումի շարունակականութիւնը՝ արտաքին միջամտութիւնները կանխելու եւ Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար: