3 Դեկտեմբերին ՀՅԴ երիտասարդները ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան շէնքին դիմաց հանդիպում կը պահանջէին նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Անոնք հաւաքուած մարդոց ներկայացուցին, թէ ինչ պահանջներու շուրջ կը փափաքին  խօսիլ նախարարին հետ:

Հետագային, նախարարութենէն փոխանցեցին, թէ ընդհանրապէս ինչ կարգով  տեղի պիտի ունենայ նախարարի ընդունելութիւնը: Սա կը  նշանակէր մերժում, նախարարի արդէն ծանօթ, կամայական ոճով:

Մօտաւօրապէս 30 վայրկեան սպասելէ վերջ, երիտասարդները որոշեցին մտնել նախարարութեան շէնք` նախարարին հանդիպելու:

Ճեղքելով ոստիկանական պատը, ցուցարարները հաւաքուեցան շէնքի դրան դիմաց: Ոստիկանութիւնը, բիրտ ուժ կիրառելով, հեռացուց զանոնք շէնքին  քովէն: ՀՅԴ երիտասարդները փակեցին Վազգէն Սարգսեան փողոցը:

«Մեր պայքարը չէ աւարտած, Արայիկ Յարութիւնեանը մեզի համար այլեւս նախարար չէ: Թող ան մեզ սպասէ իր բոլոր ասուլիսներու ընթացքին, բոլոր այն վայրերը, ուր ինք պիտի ըլլայ: Մեր բոլոր քայլերով մենք անոր հասկցնելու ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այսպիսի քաղաքականութեամբ նախարար չի կրնար ըլլալ: Արայիկ Յարութիւնեանը կը սպասեն նաեւ 22-23 երկիրներու մէջ, ուր ան պիտի երթայ իր պաշտօնական  կամ անպաշտօն, այցելութիւններու ծրագիրով», լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գոռ Սարգսեան:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ կը շարունակէ՞ք պահանջել հանդիպում ԿԳՄՍ նախարարին հետ, պատասխան տրուեցաւ․«Ո՛չ, կրնանք հանդիպիլ եւ քննարկել Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի բնագիրը»:

Այդ ընթացքին աւելի ու աւելի կը ստուարանար ցուցարարներու մօտ գտնուող ոստիկաններուն թիւը: Որոշ ժամանակ զգուշացնելէ յետոյ ոստիկանները բռնի ուժով ցուցարարները քաշեցին դէպի ոստիկանական մեքենաներ եւ տեղափոխեցին ոստիկանութեան կեդրոնի ու Էրեբունիի բաժիններ: Ընդհանուր առմամբ բաժիններ  տեղափոխուած են 24 երիտասարդներ: Նախարարութեան առջեւ գտնուող մարդիկ եւս ընթացան դէպի ոստիկանութեան բաժիններ: Այսպիսով, ինչպէս ցուցարարներէն մէկը ըսաւ. «Ոստիկանութիւնը ոչ թէ կը ծառայէ ժողովուրդին, այլ օրուան իշխանութեան․ոչինչ  փոխուած է` նոյն անյարգալից վերաբերմունքը, նոյն խեղդելը, նոյն միջոցները, որ կը կիրառէին քաղաքացիի հանդէպ նախկինին, հիմա եւս կը կիրառեն:

ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան կոչ ուղղեց Արայիկ Յարութիւնեանին հրաժարական տալու:

Բերման ենթարկուելէ երեք ժամ ետք, երիտասարդները ազատ արձակուեցան: