«Թերթ».-ԱՄՆ քոնկրեսի ծերակուտականը մտադիր է յաջորդ շաբաթ քննարկել Թուրքիոյ դէմ միակողմանի պատժամիջոցներ սահմանելու մասին օրինագիծը:

ТАСС գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Երեքշաբթի տեղեկացուցած է քոնկրեսի վերին պալատի արտաքին հարցերու յանձնաժողովի նախագահ, հանրապետական Ճեյմս Ռիշ:

«Յաջորդ շաբաթ մենք առիթ կ’ունենանք արտայայտուելու այս թեմային շուրջ: Մենք իսկապէս մտադիր ենք դիտարկել Թուրքիոյ հարցով օրինագիծը», ըսած է քաղաքական գործիչը` ելոյթ ունենալով Ռուսիոյ Դաշնութեան շուրջ ԱՄՆ քաղաքականութեան նուիրուած լսումներուն: