«Երկիր».- Աշխարհի 20 երկիրներէ ժամանած ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ այսօր ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողովին մեկնարկը կատարուեցաւ:

44 պատուիրակներու մասնակցութեամբ խորհրդաժողովն արդէն սկսած է իր աշխատանքները ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս: Բացման խօսքով հանդէս եկած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Աշոտ Սիմոնեանը: