Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի 5-րդ եւ 6-րդ կարգի աշակերտները իրենց դաստիարակչական ծրագիրին համաձայն՝ լրագրական աշխատանքին ծանօթանալու միտումով, իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Ռատիօ Երազ»ի կեդրոն:
«Ռատիօ Երազ»ի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը սիրալիր ընդունելութեամբ ընդունեցին դիմաւորեցին աշակերտները եւ բովանդակալից բացատրութիւններով լուսաբանեցին զանոնք:
Այս առիթով 6-րդ կարգի աշակերտներ Մարինա Քէշիշեան եւ Արգինա Շէօհմէլեան հարցազրոյցը վարեցին «Ռատիօ Երազ»ի պատասխանատու տոքթ. Ռուբէն Գէորգեանի հետ:
Մարինա- Յարգելի՛ պրն. Ռուբէն Գէորգեան, կ’ուզենք ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնել «Ռատիօ Երազ»ի անձնակազմին եւ ձեզի, որովհետեւ մեր առաջարկին ընդառաջեցիք եւ առիթ ընծայեցիք, որ մօտէն ծանօթանանք ռատիոյի աշխատանքներուն: Կրնա՞ք մեզի համառօտ տեղեկութիւն տալ, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ընթացք առին «Ռատիօ Երազ»ի հիմնադրման փուլերը:
Ռ.Գ.-Շնորհակալութիւն ձեր այցելութեան համար: «Ռատիօ Երազ»ը սուրիահայութեան համար երազ մըն էր, որ իրականացաւ: 2010-ին «Ռատիօ Երազ»ի հիմնադրման աշխատանքները սկսան: 2015-ին այս կեդրոնը հիմնուեցաւ եւ օժտուեցաւ աշխատանքի անհրաժեշտ բոլոր կազմածներով: Ռատիոյին նախնական աշխատանքը եղած է երաժշութիւն սփռել, նաեւ Սուրիոյ պատերազմի տագնապին հետ կապ ունեցող հարցերուն շուրջ հարցազրոյցներ հրամցնել իր լսարանին՝ ժողովուրդը լուսաբանելու միտումով: Այսօր ունինք շատ մը ծրագիրներ, որոնք մերթ ընդ մերթ կը սփռուին:
Հ-Կրնա՞ք մեզի ներկայացնել ռատիոյի առօրեայ յայտագիրը: Ինչպիսի՞ ընթացք կ’ունենայ ան:
Ռ.Գ.- Ռատիոյի առօրեան հետեւեալն է:
Մեր օրը կը սկսի շատ կանուխ՝ ժամը 8:00-ին: Կը հետեւինք օրուան տեղական, հայկական եւ միջազգային լուրերուն: Ամբողջական այդ բոլոր լուրերուն մէջէն կ’ընտրենք մեզի հետաքրքրող նիւթերը եւ կը դասաւորենք մեր ներկայացնելիքը: Անձնակազմի ընկերներուն կ’ուղղենք այդ լուրերէն բաժիններ, որոնք անոնց հիման վրայ կը մշակեն յայտագիրը, երբեմն այդ լուրերուն մէջէն կ’ընտրեն նիւթեր, որոնք իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն մաս կը կազմեն: Յետմիջօրէին տեղի կ’ունենան արձանագրութիւնները: Այսպէս, օրեր կ’ըլլան, որ շատ խճողուած կ’ըլլանք կեդրոնին մէջ, իսկ ուրիշ օրեր նուազ խճողուած: Այսպէս է գործին ընթացքը: Ունինք տեսակաւոր ծրագիրներ, օրինակ՝ կը սկսինք «Ընտրէ՛ եւ Նուիրէ՛» ծրագիրով, որ մեր ժողովուրդին կողմէ ընտրուած երգերուն հիման վրայ, երգեր կը նուիրուին: Այդ երգերուն անունները կ’առնենք եւ կը դասաւորենք: Ապա յատուկ ժամով կը սփռենք: Յայտագիրներ ունինք եկեղեցւոյ եւ մեր խորհուրդներուն մասին, ունինք ընդհանուր գիտելիքներու բաժին, լուրեր եւ այլն: Սակայն Ռատիօն հիմնական եւ ազդու դեր ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ անցնող տարիներուն եւ ներկայիս՝ իր ուղիղ սփռումներով արտագաղթող ժողովուրդը կամրջելու սուրիահայութեան մշակութային եւ եկեղեցական կեանքին:
Արգինա-Ինչպիսի՞ ծրագիրներ կը մշակէք հետագայ օրերուն համար:
Ռ.Գ.- Գալիք օրերուն ունինք թեւաւոր խօսքերու նուիրուած բաժին մը: Այդ խօսքին ծագման, գործածութեան եւ նպատակին մասին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցենք ունկնդիրներուն: Ասոր կողքին կան նաեւ ծրագիրներ, որոնք տակաւին սերտողութեան ընթացքի մէջ են:
Մարինա-Դարձեալ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի՝ ձեր սպառիչ պատասխաններուն եւ ջերմ ընդունելութեան համար:
Ռ.Գ.-Բարի Եկած էք, Ռատիօ Երազ, մեր փափաքն է, որ ապագային լաւ լրագրողներ ըլլաք եւ մեզի հետ աշխատակցիք:
Հարցազրոյցը վարեց
Մարինա Քէշիշեան