Ահա այսպէս, բաւական յոգնութենէ ետք կրցանք յաջողցնել «Եսի Մարդը» թատերգութեան բեմականացումը: Ահաւասիկ կրցանք կտրել սատանային ոտքը եւ բեմ բարձրացնել Լեւոն Շանթի ազգային գերազանց գործերէն մէկը: Նախ կþուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել Համազգայինին եւ պատիւ կը զգամ այսպիսի մեծ գործի մը, մանաւանդ Համազգայինի հիմնադիր Լեւոն Շանթի այս կտորին ներկայացման մէջ դեր ստացած ըլլալուս համար:
Երբ առաջին անգամ կարդացի թատերգութիւնը, պահ մը մտածեցի, որ ինչ մեծ պատասխանատուութիւն է աս գործը ներկայացնելը: Հայկական հարուստ եւ մեծ մշակոյթի ջահը վառ պահել ու ծառայել, այս է մեզմէ պահանջուածը, եթէ կþուզենք գոյատեւել իբրեւ հայ:
«Եսի Մարդը» 1901-ին գրուած թատերգութիւն մըն է, որ այսօրուան մէջ ալ կը տեղաւորուի, կը ներկայացնէ պայքարը ազգայինին եւ թոյլամորթին միջեւ: Սեդրաքի եւ Մուշեղի պայքարը բաւական բարդութիւններ ունի: Սեդրաքին տագնապը պարտականութեան եւ զգացումներուն բախումին հետեւանքով կը յառաջանայ, իսկ Մուշեղին իրապաշտ մօտեցումն ու անցեալի խարխաբումները հակադրուելով կը տագնապեցնեն զինք:
Ակնառու վկայութիւն մը պէտք է տալ այս առիթով, թատրոնի երիտասարդականացման կարեւորութիւնը: Այս ներկայացումը առիթ հանդիսացաւ յայտնաբերելու նոր ու երիտասարդ ձիրքեր, որոնք շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեցին: Առողջ սերնդափոխութեան կարեւոր քայլը այս է, որպէսզի ճիշդ եւ լաւ ձեւով գոցենք պատերազմի եւ խաւի մը եսասիրութեան հետեւանքով յառաջացած սերունդներու այս բացը:
Հայ թատրոնը շատ հին պատմութիւն ունի: Մեր նախնիները Արտաւազդ թագաւորի օրերէն հասկցած էին, որ թատրոնի ճամբով կարելի էր նաեւ ժողովուրդ դաստիարակել: Կրնանք ըսել, որ հայկական թատրոնը կը դասուի աշխարհի ամէնէն հին թատրոններու շարքին: Մեծ ուրախութեամբ եւ մօտէն հետեւած եմ գաղութի թատերական ներկայացումներուն եւ բախտը ունեցած եմ Լիբանանի մէջ եւս ներկայ գտնուելու քանի մը ներկայացումի, որովհետեւ անկեղծօրէն թատրոնի սիրահար եմ: Պէտք է խոստովանիմ, որ թատերական իւրաքանչիւր ներկայացում ինծի համար ուրախութիւն է, խրախճանք է, տօն է եղած, ինչ մեղքս պահեմ:
Թատերականի հսկան արդէն արթնցած է: Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորը իր ուսերէն փոշին թօթափելով ոտքի կանգնած է: Ալ գործելու ժամանակն է: Հաւատացէ՛ք, մեր թատրոնի զարթնումը իսկապէս հոգեկան գոհունակութիւն պիտի տայ մեզի եւ անպայման մեր հանդիսատեսը ինքնակոչ, կամաց-կամաց պիտի վերադառնայ թատրոն: Մեր գաղութի թատերական կեանքը վերածնունդի կարիքը ունի:
Փառք ու պատիւ Լեւոն Շանթին եւ իր հիմնադիր ընկերներուն: Իսկապէս շատ հպարտ եւ ուրախ եմ «Եսի Մարդը» գործին յաջողութեան մասնակից դառնալուս համար: Մեծ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին այս գործի յաջողութեան եւ վերջապէս յատուկ շնորհակալութիւն այս թատերական կազմին, ընտանիքին՝ իր դերասաններով, բեմադրիչով եւ քուլիսի անյայտ զինուորներով: Իսկապէս պատիւ էր ձեզի հետ աշխատիլ, ընկերներ, այս պատասխանատու գործը լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու համար:
Մեծ դպրոց մըն է թատրոնը, կեանք մըն է, գործելաձեւ է եւ արտայայտման գեղեցիկ միջոց մը ինծի համար: Անոր աշակերտը կը մնամ ամենայն ուրախութեամբ եւ միշտ ծարաւ նորը սորվելու, ծառայելու հայ մշակոյթը:
Սագօ Խալոյեան